«Բախտաւոր ենք, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներն ու իսլամները համատեղ կեանքով կ'ապրին»,- այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Հռոմի Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» պարբերականը:«Ֆրանսիսկոս Պապը մեծապէս կը տիրապետէր լիբանանեան իրավիճակին, եւ մենք խնդրեցինք անոր, որ հովանաւորէ մեզ, ինչպէս նաեւ շարք մը խնդիրներ քննարկեցինք, որոնցմէ էր սուրիացի գաղթականներու հարցը»,- աւելցուցած է Հարիրի:Վերջինս պատմած է նաեւ, որ Պապին հրաւիրած է Լիբանան ու ան սիրով ընդունած է հրաւէրը. «Յոյսով ենք, որ այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ ի շահ քրիստոնեայ- իսլամ համակեցութեան»,- յայտնած է վարչապետը:
Նշենք, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի Հարիրի հանդիպում պիտի ունենայ Իտալիոյ վարչապետին հետ, քննարկելու համար երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման միջոցները: