image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանքոֆոնիայի Կալա համերգի եզրափակիչ հատուածը նուիրուած է պիտի ըլլայ Շարլ Ազնաւուրին

Ֆրանքոֆոնիայի Կալա համերգի եզրափակիչ հատուածը նուիրուած է պիտի ըլլայ Շարլ Ազնաւուրին

Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 11 Հոկտեմբերին կայանալիք փակման համերգի եզրափակիչ հատուածը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին: Այս մասին ՀՀ ԱԳՆ-ի մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ նշած է ՀՀ ԱԳՆ գլխաւոր քարտուղար, ՖՄԿ գագաթնաժողովի իրականացման Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքային յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Մելիքեան:

«Հայեցակարգային առումով հետաքրքրական լուծումներով համերգ նախատեսուած է` հին Հայաստանէն սկսած մինչեւ մեր օրերը: Աւարտական մասը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլար Շարլ Ազնաւուրին, նախատեսուած էր իր անմիջական մասնակցութիւնը, իր նուագախումբով: Քանի որ ան միշտ բեմի վրայ եղած է, իրեն այդպէս պատկերացուցած է, ապա մենք այդ մասը պիտի պահպանենք: Այնպիսի լուծումներ գտած ենք, որ Շարլ Ազնաւուրի բացակայութիւնը որեւէ կերպով չզգացուի: Համերգի այդ հատուածը շատ աւելի մեծ շեշտադրումներով պիտի ըլլայ: Չեմ բացառեր, որ ըլլան նաեւ աշխարհահռչակ աստղեր, որոնք կը ցանկան իրենց մասնակցութիւնը բերել: Սա բանակցային գործընթաց է, բնականաբար ամբողջական լուծումներ գտնուելու պարագային տեղեկացնենք»,- «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Մելիքեան:

Համերգի միւս մասին մէջ ելոյթ պիտի ունենան աշխարհահռչակ երգիչներ Անժէլիք Քիժոն, որ կը համարուի Ափրիկէ մայրցամաքի Սելին Տիոնը, Մելոտի Կարտոն,  Զազը:

«Խնդրանք մեր բնակչութեան, այդ օրերուն բարձր ըմբռնումով մօտենալ կազմակերպչական խնդիրներուն: Պատկերացուցէք միաժամանակ 40 կէտէ պիտի շարուին մեքենանրու շարանները, ամենաբանուկ փողոցները ուղղակի փակ պիտի ըլլան, որովհետեւ վայրկեանով հաշուած ժամանակագրութիւն կայ»,-ըսած է ան:

Համերգը տեղի պիտի ունենայ 11 Հոկտեմբերին` ժամը 19.30-ին, Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ: