image

Հայ կաթողիկէ առաջնորդներ Մատենադարանին մէջ. գործակցութեան կամուրջ՝ ի խնդիր ժառանգութեան պահպանման

Հայ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման շուրջ կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մատենադարանին մէջ, ուր մէկտեղուեցան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ հայկական ձեռագրական գանձարանի պատասխանատուները։ Այցելութիւնը առիթ դարձաւ ոչ միայն ծանօթանալու Մատենադարանի աշխատանքներուն, այլեւ քննարկելու ապագայ գործակցութեան կարելի ուղղութիւնները՝ ի նպաստ մեր գրաւոր ժառանգութեան պահպանման եւ արժեւորման։

Մատենադարան այցելեցին Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերապայծառ՝ Տէր Վարդան Թագադիր Ծ. Վրդ.Գազանճեանն ու Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհի. Հ.Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեան։

Հիւրերը հանդիպում ունեցան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանին եւ տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Վահէ Թորոսեանին հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւնները, յատկապէս մշակութային, գիտական եւ ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման ոլորտներուն մէջ։

Այցելութեան ծիրէն ներս հիւրերը եղան նաեւ Մատենադարանի Վերականգնման բաժին, ուր ծանօթացան հին ձեռագիրներու պահպանման եւ վերականգնման աշխատանքներուն։