Թուրքիոյ զինուած ուժերու պաշտօնաթող զօրագնդային զօրավար Իպրահիմ Պիւյիւքպաշը պնդած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի դէմ 2016 թուականին մահափորձ կը նախապատրաստուէր՝ Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի 1981 թուականի սպանութեան սենարով։
Զօրավարի համաձայն՝ 2016 թուականի Յուլիս 15-ին կատարուած պետական յեղաշրջման փորձէն քիչ առաջ Թուրքիոյ նախագահը պէտք է մասնակցէր զինուորական զօրավարժութիւններու, սակայն ծրագիրը չեղարկուած էր՝ կասկածելի աշխուժութիւն յայտնաբերելէ ետք։ Ինչպէս պնդած է Պիւյիւքպաշը, աւելի ուշ պարզուած է, որ Էրտողանի դէմ մահափորձը ծրագրուած էր 1981 թուականին Գահիրէի մէջ զինուորական շքերթի ընթացքին Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի սպանութեան օրինակով։
«Պետական յեղաշրջման փորձէն առաջ նախագահ Էրտողանի դէմ քանի մը մահափորձ կը նախապատրաստուէր»,–Yeni Akit թերթը մէջբերած է Պիւյիւքպաշի խօսքերը։
Պաշտօնաթող զօրավարի համաձայն՝ յեղաշրջման փորձէն երեք ամիս առաջ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած FETÖ կազմակերպութեան համակիրները, որոնց Անգարան կը մեղադրէ խռովութեան կազմակերպման մէջ, նոյնպէս ծրագրած էին Մարմարիսի մէջ առեւանգել նախագահը, զայն հասցնել «Տալաման» օդակայան, նստեցնել օտարերկրեայ օդանաւային ընկերութեան օդանաւ եւ այնտեղ սպաննել։
Պիւյիւքպաշը պնդած է, որ հետաքննութեան նիւթերուն մէջ յիշատակուած է զուիցարական Albinati Aeronautics ընկերութեան օդանաւը, որ Էրտողանի «Տալաման» հասնելէն քիչ առաջ շտապ թռիչքի արտօնութիւն խնդրած էր, իսկ նախագահին օդակայանը լքելէն անմիջապէս ետք չեղարկած էր իր թռիչքը։ Զօրավարը նաեւ աւելցուցած է, որ գործին մէջ նշուած է նաեւ այդ օդանաւի օտարերկրեայ ուղեւորներու մասին, որոնք այնուհետեւ լքած են Թուրքիան։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները տակաւին չեն մեկնաբանած զօրավարին յայտարարութիւնները։
2016 թուականի Յուլիս 15-ի գիշերը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ պետական յեղաշրջման փորձ, որու հետեւանքով աւելի քան 250 մարդ զոհուեցաւ։ Այդ գիշեր Էրտողանը կը հանգստանար Մարմարիսի մէջ եւ զինուորական խումբի ժամանումէն քիչ առաջ լքած էր իր հիւրանոցը։ Այդ զինուորականները հետագային դատապարտուեցան նախագահին սպանութեան փորձին համար։ Խռովութեան ճնշումէն ետք Թուրքիոյ մէջ իրականացուեցան լայնածաւալ հետաքննութիւններ եւ դատական գործընթացներ՝ դաւադրութեան ենթադրեալ մասնակիցներու նկատմամբ։