image

Իրան պատրաստ չէ թոյլտւութիւն խնդրելու. Իրանցի պաշտօնակար

Իրան պատրաստ  չէ թոյլտւութիւն    խնդրելու. Իրանցի պաշտօնակար

Իրանը մտադիր չէ պաշտպանական արհեստագիտութիւններ մշակելու համար արտօնութիւն խնդրել։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամմատ Ռեզա Արեֆը։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ռազմական եւ պաշտպանական ներուժը հիմնուած է հիմնարար գիտատեխնիկական առաջընթացի վրայ։

Իրանը իր արհեստագիտութիւնները զարգացնելու համար ոչ ոքէ արտօնութիւն կը խնդրէ, բայց մենք պատրաստ ենք մեր նուաճումները կիսելու բարեկամ երկիրներուն հետ»,– նշած է ան։

Արեֆ շեշտած է, որ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմաց ազգային անվտանգութեան ապահովումը ուղղակիօրէն կապուած է նորարարութիւններու ներդրման եւ երկրի գիտական ինքնիշխանութեան ամրապնդման հետ, որ հնարաւորութիւն կու տայ արդիւնաւէտ կերպով դիմագրաւելու արտաքին ճնշումները։