image

․․․Երբ Դամասկոսի առաջնորդը լացաւ եւ լացուց բոլոր ներկաները

․․․Երբ Դամասկոսի առաջնորդը լացաւ եւ լացուց բոլոր ներկաները

Նիքոլա Ապու Ֆայսալ

«Ոչ բոլոր արցունքները տկարութեան նշան են. որոշ արցունքներ՝ դուրս հոսելու համար, քարէն աւելի ամուր իրան կամ սիրտ կը պահանջեն։

Երեւանի մէջ, Սուրբ Շարպէլի տօնակատարութեան ընթացքին, աղօթքի աւարտէն եւ անոր պատկերով թափօրէն ետք, պատահեցաւ բան մը, որ գրուած չէր հանդիսութեան յայտագիրին մէջ, բայց ընդմիշտ դրոշմուեցաւ ներկաներուն սրտին մէջ։ Խօսքերը կանգ առին, ձայները մարեցան, եւ ահա Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան սկսաւ հեկեկալ. լաց մը, որ կեանքէն յոգնած մարդու լաց չէր, այլ հովիւի մը լացը, որ իր ուսերուն վրայ կը կրէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի իր հօտին տառապանքը, իր հայրենիքի կարօտն ու այնպիսի ծանր առաքելութիւն մը, որ անհնար է ամփոփել բառերով։

Այդ պահուն թափօրը այլեւս պարզ կրօնական քայլերթ մը չէր, այլ վերածուեցաւ անկեղծ զգացումներով լեցուն հոսանքի։ Եպիսկոպոսը մինակը չլացաւ, այլ լացուց բոլոր ներկաները։

Արդարեւ, անկեղծ արցունքները թարգմանութեան պէտք չունին, որովհետեւ անոնք այն միակ լեզուն են, որ բոլոր մարդիկ կը հասկնան։ Տեսայ դիւանագէտներ եւ գործարարներ, որոնք լռութեամբ կը սրբէին իրենց արցունքները, կարծես Սուրբ Շարպէլը անոնց մէջէն կ'անցնէր ոչ թէ ձեռքով կրուած պատկերի մը ձեւով, այլ հոգեւոր ներկայութեամբ, որ դպաւ անոնց էութեան խորքը։ Այդ պահուն անդրադարձայ, որ հաւատքը չի չափուիր մեր արտասանած աղօթքներուն թիւով, այլ այն սիրտերուն թիւով, որ ան կը փոխէ ճշմարիտ ու ազնիւ պահու մը ընթացքին։

Այո՛, սիրելի՛ բարեկամներ, այդ պահուն արցունքները խօսեցան բոլորին հասկնալի լեզուով եւ փաստեցին, որ սրտէն բխածը բացատրութեան կարիք չունի։ Այս տեսարանը եկաւ մեզի սորվեցնելու, որ անկեղծ արցունքները կրնան հազար ճառէ աւելի խօսուն ըլլալ։

Ինչ որ բխեցաւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի սրտէն, հասաւ իւրաքանչիւր ներկայի սրտին, որովհետեւ սրտէն ելածը երբեք ճամբան չի կորսնցներ դէպի ուրիշ սրտեր։

Թերեւս ասոր համար ալ շատեր պիտի մոռնան այն բառերը, որոնք արտասանուեցան Հայաստանի հողին վրայ՝ Լիբանանի սուրբին նուիրուած տօնական աղօթքին ընթացքին, բայց երբեք պիտի չմոռնան այն պահը, երբ հովիւ մը լացաւ սուրբի մը առջեւ, եւ անոր հետ լացաւ ամբողջ բազմութիւնը, ու բոլորը հասկցան, որ ճշմարիտ հաւատքը չեն բացատրեր… այլ կ'ապրին»։