image
Հրատապ լուրեր:

«Առինջ մոլ»-ի մէջ կապարակնքուած է 10-15 տաղաւար. առեւտուրի կեդրոնի գործունէութիւնը կասեցուած չէ, այս պահին բնականոն կը գործէ. Իւեթա Տնոյեան

«Առինջ մոլ»-ի մէջ կապարակնքուած է 10-15 տաղաւար. առեւտուրի կեդրոնի գործունէութիւնը կասեցուած չէ, այս պահին բնականոն կը գործէ. Իւեթա Տնոյեան

Նախօրէին քննչական գործողութիւններ կատարուած են «Առինջ մոլ» առեւտուրի կեդրոնին մէջ, կապարակնքուած է 10-15 տաղաւար: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Իւեթա Տօնոյեանը։

«Ըստ քննչականի՝ տեղում ներկայացրած պարզաբանման, դրանք գործել են բարձր լարում ունեցող հոսանքալարերի ներքոյ:

Գլոբալ առումով «Առինջ մոլ»-ի գործունէութիւնը կասեցուած չէ, որովհետեւ այնտեղ հարիւրաւոր տաղաւարներ են գործում եւ այս պահին բնականոն գործունէութիւնը շարունակւում է»,- նշած է ան:

Տեղեկացնենք, որ երէկ տեղեկութիւն տարածուած էր՝ հարկային մարմինները ստուգումներ կը կատարեն ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Առինջ մոլ» առեւտուրի կեդրոնին մէջ։