Կան անձնաւորութիւններ , որոնց կեանքը կը դառնայ ծառայութեան, հաւատքի եւ նուիրումի կենդանի վկայութիւն։ Անոնք իրենց կոչումը չեն սահմանափակեր եկեղեցական պաշտօնով, այլ իրենց ամբողջ էութեամբ կը ծառայեն Աստուծոյ, ազգին եւ Հայ Եկեղեցւոյ՝ սերունդներուն փոխանցելով հոգեւոր արժէքներ, ազգային գիտակցութիւն եւ միասնութեան ոգի։ Տասնամեակներու հաւատարիմ ու արգասաբեր վաստակով անոնք կը դառնան կամուրջներ ժողովուրդներու, եկեղեցիներու եւ համայնքներու միջեւ՝ իրենց օրինակով ներշնչելով նոր սերունդները։
Այդպիսի արժանաւոր եկեղեցականներէն եւ ազգային դէմքերէն մէկն է Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, որուն անունը արդէն վաղուց իր արժանի տեղը գրաւած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութեան մէջ։ Անոր հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ եկեղեցադիւանագիտական բազմամեայ ծառայութիւնը խոր հետք ձգած է թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ՝ վաստկելով համընդհանուր յարգանք եւ գնահատանք։
Այսօր, երբ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը կը նշէ իր ծննդեան 75-ամեակը, առիթը կը վերածուի ոչ միայն յոբելենական շնորհաւորանքի, այլ նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութեան՝ արժեւորելու Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին նուիրուած ամբողջ կեանք մը, որուն առանցքը եղած են ծառայութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ ազգանուէր առաքելութիւնը։
Օրերս իր ծննդեան 75-ամեակը նշեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երէց միաբան հայրերէն՝ Գերշ.Տ. Խաժակ Արք.Պարսամեանը՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն մէկը, որուն հոգեւոր, ազգային եւ եկեղեցադիւանագիտական առաքելութիւնը տասնամեակներ շարունակ նշանակալի դեր ունեցած է հայ եկեղեցական եւ համայնքային կեանքի զարգացման մէջ։
4 Յուլիս 1951 թուականի Արեւմտեան Հայաստանի Արաբկիր քաղաքին մէջ իր աչքերը բացած Սիրելի Տ. Խաժակ արք.ը տակաւին պատանի տարիքէն ընտրեց հոգեւոր ծառայութեան ուղին։ Ան ուսանեցաւՊոլսոյ Սուրբ Խաչ Ճեմարանին մէջ, ապա Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ժառանգաւորաց Ճեմարանին մէջ։ 1971-ին ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ, 1973-ին արժանացաւ վարդապետական աստիճանի, իսկ հետագային իր աստուածաբանական կրթութիւնը կատարելագործեց Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հեղինակաւոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ։
Իր ծառայութեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը սկսաւ 1990-ին, երբ ընտրուեցաւ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի առաջնորդ։ Մօտ երեք տասնամեակ ան առաջնորդեց թեմը՝ համախմբելով հաւատացեալները, խրախուսելով կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական նախաձեռնութիւնները, ամրապնդելով Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը եւ խորացնելով միջեկեղեցական համագործակցութիւնը։
2018-էն ի վեր Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան կը ծառայէ որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Սուրբ Աթոռին մօտ՝ շարունակելով իր պատասխանատու առաքելութիւնը միջազգային եկեղեցական եւ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ։ Անոր գործունէութիւնը մշտապէս ուղղուած եղած է երկխօսութեան, խաղաղութեան, քրիստոնէական արժէքներու պահպանման եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականութեան ամրապնդման։
Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի 75-ամեայ յոբելեանը միայն անձնական տօն մը չէ։ Անիկա առիթ է արժեւորելու ամբողջ կեանք մը, որ նուիրուած եղած է Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ծառայելուն։
«Արեւելք» ողջ թիմը, ընթերցողներն ու խմբագրակազմը սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղեն Սրբազան Հօր ծննդեան 75-ամեակին առիթով՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, անսպառ կորով, խաղաղութիւն եւ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնը, որպէսզի երկար տարիներ շարունակէ իր լուսաւոր, իմաստուն եւ ազգանուէր առաքելութիւնը՝ ի փառս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդին։