Եւրօ-2020-ի կիսաեզրափակիչին Անգլիոյ հաւաքականը լրացուցիչ ժամանակի մէջ 2։1 արդիւնքով յաղթեց Դանիային եւ առաջին անգամ անցաւ Եւրոպայի առաջնութիւններու եզրափակիչ։ Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած մրցումին հիմնական 90 վայրկեաններուն արդիւնքը ոչ ոքի էր՝ 1։1։
Առաջինը յաջողութեան հասան դանիացիները։ 30-րդ վայրկեանին տուգանայինէն կատարած հարուածով գեղեցիկ կոլի հեղինակ դարձաւ իտալական «Սամփտորիա»ի 21-ամեայ կիսապաշտպան Միքել Տամսկորը։
39-րդ վայրկեանին Անգլիան վերականգնեց հաւասարութիւնը։ «Մանչեսթըր Սիթի»ի յարձակող Ռահիմ Սթերլինկի հարուածը կանխելու ժամանակ սեփական դարպասը գրաւեց դանիացիներու պաշտպան, իտալական «Միլան»ի 32-ամեայ խաղացող Սիմոն Կուեռան։
11 Յուլիսին, «Ուեմպլի»ի մէջ կայանալիք եզրափակիչին Կարեթ Սաութկէյթի գլխաւորած խումբը պիտի մրցի Իտալիոյ հաւաքականի հետ, որ կիսաեզրափակիչին յաղթած էր սպանացիներուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ