Հայաստանի կողմէ տրամադրուած շուրջ 80 թոն մարդասիրական օգնութիւնը կը ներառէ դեղորայք եւ բժշկական նշանակութեան պարագաներ, սննդամթերք, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ։
Մարդասիրական օգնութեան բեռը, հատելով Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի Մարգարայի անցակէտը, Լիբանան տեղափոխուած է ցամաքային ճանապարհով՝ Թուրքիոյ տարածքով։
Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ պատմական բարեկամութիւնը անգամ մը եւս իր գործնական արտայայտութիւնը ստացաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, ուր Հայաստանէն Լիբանան հասած մարդասիրական օգնութիւնը յանձնուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ։ Այս քայլը միայն օգնութեան բեռի փոխանցում չէր, այլ՝ համերաշխութեան, վստահութեան եւ դժուար օրերուն իրարու կողքին կանգնելու հստակ պատգամ։
Ահա լուրը՝
9 Յուլիսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Լիբանանի Հանրապետութեան տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը։
Արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Օգնութեան բարձրագոյն յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղար, զօրավար Պասսամ Նապուլսի, Լիբանանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համապատասխան պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Իր խօսքին մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան վերահաստատեց Հայաստանի համերաշխութիւնը բարեկամ Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին հետ՝ ընդգծելով, որ այս մարդասիրական օգնութիւնը երկու ժողովուրդները իրարու կապող պատմական բարեկամութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ համերաշխութեան հերթական վկայութիւնն է։ Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստան պատրաստակամ է շարունակելու իր ներդրումը այն նախաձեռնութիւններուն մէջ, որոնք միտուած են Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական խնդիրներու հասցէագրման։
Իր կարգին, զօրավար Պասսամ Նապուլսի երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ Լիբանանի համար այս դժուար ժամանակաշրջանին ցուցաբերուած աջակցութեան եւ համերաշխութեան համար՝ շեշտելով, որ այս օգնութիւնը բարձր կը գնահատուի թէ՛ Լիբանանի կառավարութեան եւ թէ՛ ժողովուրդին կողմէ։
Հայաստանի կողմէ տրամադրուած շուրջ 80 թոն մարդասիրական օգնութիւնը կը ներառէ դեղորայք եւ բժշկական նշանակութեան պարագաներ, սննդամթերք, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ։
Մարդասիրական օգնութեան բեռը, հատելով Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի Մարգարայի անցակէտը, Լիբանան տեղափոխուած է ցամաքային ճանապարհով՝ Թուրքիոյ տարածքով։

