image

Եւրոպական երկիրներ շնորհաւորած են նախագահ Ասատը. Պատճա՞ռը

Եւրոպական երկիրներ շնորհաւորած են նախագահ Ասատը. Պատճա՞ռը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երեք շնորհաւորական հեռագրեր ստացած է, երեք եւրոպական երկիրներու նախագահներէ՝ ծայրայեղական խմբաւորումներէն Դամասկոսի փրութեան առթիւ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ սա առաջին անգամն է, որ այս եւրոպական երկիրները կը շնորհաւորեն Ասատը՝ յաղթանակի համար:

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անոնք իրենց յղած շնորհաւորական նամակին մէջ նաեւ անդրադարձած են անվտանգութեան ուղղութեամբ ապագայ համագործակցութեան, նկատի ունենալով, որ Ղութայի մէջ գտնուող ահաբեկիչներէն շատերը այս երկիրներու քաղաքացիութիւնը կրողներ են, որոնց թիւը կը հասնի 3500-ի եւ եւրոպական երկիները կ'ուզեն անոնց անուանացանկը ունենալ եւ իրենց յանձնելու հնարաւորութիւնը: