image

Երուսաղէմ... Մոռացութեան մատնուած քաղաքը

Երուսաղէմ... Մոռացութեան մատնուած քաղաքը

Բոլոր երկնաւոր կրօնքներուն համար յատուկ կրօնական նշանակութիւն ունեցող ու պաշտամունքի վայր հանդիսացող Երուսաղէմ քաղաքն այսօր կռուախնձոր դարձած է Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միչեւ:

Երուսաղէմ քաղաքը կը գտնուի Պաղեստինեան լեռնաշղթայի հարաւային հարթավայրին վրայ:

Պատմական Երուսաղէմը,  Երուսաղէմ քաղաքի կեդրոնը կը գտնուի, Սուլէյմնի պարիսպէն դէպի ներս, 0.9 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ: Մինչեւ 19-րդ դարու վաթսունական թուականները, այս էր Երուսաղէմ քաղաքի սահմանները, ուր կը գտնուէին նաեւ կարեւորագոյն սրբավայրերը:

19-րդ դարու սկիզբը քաղաքը բաժնուած է 4 թաղամասերու՝ Քրիստոնէական, Իսլամական, Հայկական եւ Հրէական:

1981 թուականին քաղաքի պատմական շրջանը ընդգրկուած է «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»ի պատմամշակութային կոթողներու ցուցակին մէջ:

Երուսաղէմի բնակիչները իսրայէլեան անձնագրեր կը կրեն, իսկ այնտեղի արաբ բնակիչները «48-ի արաբներ» կը կոչուին, եւ անոնց իսրայէլեան անձնագրերը յատուկ նշանով մը կը տարբերուի միւսներէն: