19 Սեպտեմբերին, տեղական ժամանակով ժամը 22:42-ին ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41.040 եւ արեւելեան երկայնութեան 43.920 աշխարհագրական չափագրումներով (Հայաստան՝ Պաւրա գիւղէն 13 քմ հարաւ-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ, 2.3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԻն լրատուական ծառայութենէն։
Կեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 3 աստիճան:
Երկրաշարժը զգացուած է Շիրակի մարզի Պաւրա, Ղազանչի եւ Աշոցք գիւղերուն մէջ՝ 3 աստիճան ուժգնութեամբ: