image

Երկրաշարժ Ելփին գիւղին մերձ

Երկրաշարժ Ելփին  գիւղին մերձ

17 Յունիսին, տեղական ժամանակով ժամը 10:42-ին  ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան  39.86⁰ եւ արեւելեան երկարութեան 45.04⁰ աշխարհագրական չափագրումներով` Հայաստան, Վայոց ձորի մարզի Ելփին գիւղէն 8 քմ հիւսիս-արեւմուտք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 2.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Հայաստանի ԱԻՆ-էն յայտնած են, որ Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է  3-4 բալ:

Երկրաշարժը զգացուած է Արարատի մարզի Լանջառ եւ Զանգակատուն գիւղերուբ մէջ՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ: