48 ամեայ Տիկին Էլիզապէթ Քէշիշեանը իր ընտանիքի հետ միասին, փախուստ տալով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի մէջ տիրող ծանր պատերազմական վիճակէն, անցեալ տարի հաստատուած է Հայաստան:Անոնք Սուրիայէն դուրս կրցած են գալ, վերցնելով միայն իրենց հագուստները:
Էլիզապէթը մայր է՝ 16, 13 եւ 11 տարեկան երեք զաւակներու:Ան մասնագիտութեամբ խոհարար է եւ Հալէպի մէջ աշխատած ըլլալով այդ ոլորտին մէջ ունի գործնական փորձառութիւն:
Էլիզապէթ Երեւանի իր ծանօթներու խօսելով փափաք յայտնած է օգնել իրեն, որ աշխատանք գտնէ եւ կարենայ իր ընտանիքին տարրական կենցաղային պայմանները ապահովել եւ արժանապատիւ կեանք մը վարել: Ան կ'ուզէ իր աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով մեծցնել իր երեխաները:
Էլիզապէթի հետ կապ հաստատելու համար զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամարին՝ 077009462