image
Հրատապ լուրեր:

Երեւան Հաստատուած Հայուհին Խոհարարական Աշխատանք Կը Փնտռէ

Երեւան Հաստատուած Հայուհին Խոհարարական Աշխատանք Կը Փնտռէ

48 ամեայ Տիկին Էլիզապէթ Քէշիշեանը իր ընտանիքի հետ միասին, փախուստ տալով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի մէջ տիրող ծանր պատերազմական վիճակէն, անցեալ տարի հաստատուած է Հայաստան:Անոնք Սուրիայէն դուրս կրցած են գալ, վերցնելով միայն իրենց հագուստները:

Էլիզապէթը մայր է՝ 16, 13  եւ 11 տարեկան երեք զաւակներու:Ան մասնագիտութեամբ խոհարար է եւ Հալէպի մէջ աշխատած ըլլալով այդ ոլորտին մէջ ունի գործնական փորձառութիւն:

Էլիզապէթ Երեւանի իր ծանօթներու խօսելով փափաք յայտնած է օգնել իրեն, որ աշխատանք գտնէ եւ կարենայ իր ընտանիքին տարրական կենցաղային պայմանները ապահովել եւ արժանապատիւ կեանք մը վարել: Ան կ'ուզէ իր աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով մեծցնել իր երեխաները:


Էլիզապէթի հետ կապ հաստատելու համար զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամարին՝ 077009462