image

Երեւան հաստատուած հալէպահայ Հայկ Ղազարեանը Արաբական աշխարհի Աթլեթի ախոյեան էր

Երեւան հաստատուած հալէպահայ Հայկ Ղազարեանը Արաբական աշխարհի Աթլեթի ախոյեան էր

Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի մարզական կեանքէն ներս ձեռքբերումներ արձանագրած, շուրջ տարի մը առաջ Սուրիայէն Հայաստան ժամանած Հայկ Ղազարեան Երեւանի մէջ կը շարունակէ մարզական պարապմունքներու հետեւիլ երեւանեան մարզասրահներէն մէկուն մէջ:

«Արեւելք»ին խօսելով՝ հալէպահայ Հայկ Ղազարեանը նշեց, որ իր նպատակն է ընտանիքին հետ միասին մշտական կերպով Հայաստան հաստատուիլ: Այդ նպատակով իսկ Հալէպի մէջ հագուստի ձեւաւորման եւ արտադրման իր գործը ընտանիքի անդամներուն հետ Հայաստանի մէջ շարունակելու առաջին քայլերը սկսած է ձեռնարկել:

Հալէպահայ Հայկը, որ ամուսնացած է եւ ունի երեք երիտասարդ զաւակներ,  իր երեւանեան առօրեայէն դուրս չի ձգեր նախասիրութիւններով զբաղուիլը: Ան Հալէպի մէջ ոստիկանական խումբի գլխաւոր մարզիչ եղած է: Աթլեթի, բարձր եւ հեռու ցատկի  Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի ախոյեանութիւն շահած է:

 


 

«Արեւելք»ի զրուցակիցը կը պատմէ, թէ ինչպիսի խնամքով Հալէպի իր տան մէջ պահած է քանի մը տասնեակ կազմող իր մետալները: «Յաջորդ Հալէպ այցելելուս հետս Հայաստան պիտի բերեմ բոլորը»,- կ'ըսէ Հայկ:

 

Ինչպէս կը պատմէ ան, 10 տարեկանէն սկսած է մասնագիտանալ աթլեթի Բարձր ցատկի մէջ, որմէ երեք տարի անց շահած է Սուրիոյ միջ-դպրոցական մրցումներու առաջնութիւնը: «15 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ մասնակցեցայ Հալէպի ախոյանութեան եւ առաջնութիւն շահեցայ, որմէ ետք մասնակցեցայ ընդհանուր Սուրիոյ ախոյանութեան մրցումներուն»,- կը պատմէ «Արեւելք»ի զրուցակիցը, նշելով, որ այնուհետեւ յաղթանակները տարուէ տարի յաջորդական եղած են, եւ Հայկ դարձած է Սուրիոյ աթլեթի հաւաքականի անդամ:

 

 

«Աթլեթի մէջ նոր ձեռքբերումներուս յաջորդ փուլը սկսաւ, երբ Սուրիոյ հաւաքականին մաս կազմեցի: Սկսայ մասնակցիլ մարզական փակ ճամբարներու, պատրաստուելով արաբական ախոյանութեան մրցումներուն»,-կը պատմէ Հայկ, նշելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած Աթլեթի բարձր ցատկի ախոյանութեան, 2 մեթր 15 սմ բարձրութիւն արձանագրելով, շահած է առաջնութիւնը: «Շատ յատկանշական էր, որպէս հայ Ռիատի մէջ աթլեթի արաբական աշխարհի ախոյանութեան այս յաղթանակս, որուն մետալը ստացայ Ամիր Ֆայսալ Պըն ֆահըտ Պըն Ապտ Ալ Ազիզի ձեռամբ»,- կ'ըսէ ան, աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ աթլեթի պատասխանատուները առաջարկած են իրեն մնալ իրենց մօտ, անվճար ուսանիլ մարզական ճիւղէն ներս եւ աթլեթի մրցումներուն Սէուտիոյ անունով մասնակցիլ: «Ինծի եղած առաջարկը այդ օրերուն շլացուցիչ էր, սակայն Սուրիան այնքան հոգեհարազատ էր, որ չուզեցի հրաժարիլ Սուրիոյ ախոյեանի տիտղոսէն»,- ըսաւ ան:

 


 

Նշենք, որ Հայկ Ղազարեան, բացի Հալէպի ոստիկանական խումբի մարզիչ ըլլալէ, մարզած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբը: Ինչպէս կ'ըսէ ան, եղած է միակ հայը Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհին մէջ, որ Աթլեթի մարզական մրցումներուն մասնակցած է: