Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի մարզական կեանքէն ներս ձեռքբերումներ արձանագրած, շուրջ տարի մը առաջ Սուրիայէն Հայաստան ժամանած Հայկ Ղազարեան Երեւանի մէջ կը շարունակէ մարզական պարապմունքներու հետեւիլ երեւանեան մարզասրահներէն մէկուն մէջ:
«Արեւելք»ին խօսելով՝ հալէպահայ Հայկ Ղազարեանը նշեց, որ իր նպատակն է ընտանիքին հետ միասին մշտական կերպով Հայաստան հաստատուիլ: Այդ նպատակով իսկ Հալէպի մէջ հագուստի ձեւաւորման եւ արտադրման իր գործը ընտանիքի անդամներուն հետ Հայաստանի մէջ շարունակելու առաջին քայլերը սկսած է ձեռնարկել:
Հալէպահայ Հայկը, որ ամուսնացած է եւ ունի երեք երիտասարդ զաւակներ, իր երեւանեան առօրեայէն դուրս չի ձգեր նախասիրութիւններով զբաղուիլը: Ան Հալէպի մէջ ոստիկանական խումբի գլխաւոր մարզիչ եղած է: Աթլեթի, բարձր եւ հեռու ցատկի Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի ախոյեանութիւն շահած է:

«Արեւելք»ի զրուցակիցը կը պատմէ, թէ ինչպիսի խնամքով Հալէպի իր տան մէջ պահած է քանի մը տասնեակ կազմող իր մետալները: «Յաջորդ Հալէպ այցելելուս հետս Հայաստան պիտի բերեմ բոլորը»,- կ'ըսէ Հայկ:
Ինչպէս կը պատմէ ան, 10 տարեկանէն սկսած է մասնագիտանալ աթլեթի Բարձր ցատկի մէջ, որմէ երեք տարի անց շահած է Սուրիոյ միջ-դպրոցական մրցումներու առաջնութիւնը: «15 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ մասնակցեցայ Հալէպի ախոյանութեան եւ առաջնութիւն շահեցայ, որմէ ետք մասնակցեցայ ընդհանուր Սուրիոյ ախոյանութեան մրցումներուն»,- կը պատմէ «Արեւելք»ի զրուցակիցը, նշելով, որ այնուհետեւ յաղթանակները տարուէ տարի յաջորդական եղած են, եւ Հայկ դարձած է Սուրիոյ աթլեթի հաւաքականի անդամ:

«Աթլեթի մէջ նոր ձեռքբերումներուս յաջորդ փուլը սկսաւ, երբ Սուրիոյ հաւաքականին մաս կազմեցի: Սկսայ մասնակցիլ մարզական փակ ճամբարներու, պատրաստուելով արաբական ախոյանութեան մրցումներուն»,-կը պատմէ Հայկ, նշելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած Աթլեթի բարձր ցատկի ախոյանութեան, 2 մեթր 15 սմ բարձրութիւն արձանագրելով, շահած է առաջնութիւնը: «Շատ յատկանշական էր, որպէս հայ Ռիատի մէջ աթլեթի արաբական աշխարհի ախոյանութեան այս յաղթանակս, որուն մետալը ստացայ Ամիր Ֆայսալ Պըն ֆահըտ Պըն Ապտ Ալ Ազիզի ձեռամբ»,- կ'ըսէ ան, աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ աթլեթի պատասխանատուները առաջարկած են իրեն մնալ իրենց մօտ, անվճար ուսանիլ մարզական ճիւղէն ներս եւ աթլեթի մրցումներուն Սէուտիոյ անունով մասնակցիլ: «Ինծի եղած առաջարկը այդ օրերուն շլացուցիչ էր, սակայն Սուրիան այնքան հոգեհարազատ էր, որ չուզեցի հրաժարիլ Սուրիոյ ախոյեանի տիտղոսէն»,- ըսաւ ան:

Նշենք, որ Հայկ Ղազարեան, բացի Հալէպի ոստիկանական խումբի մարզիչ ըլլալէ, մարզած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբը: Ինչպէս կ'ըսէ ան, եղած է միակ հայը Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհին մէջ, որ Աթլեթի մարզական մրցումներուն մասնակցած է: