«Հայաստան» խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) հարցով իշխանութիւններուն նախաձեռնած Ազգային ժողովի յանձնաժողովի աշխատանքներուն։ Ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնած է խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան։
Գրիգորեան ընդգծած է, որ յանձնաժողովը ըստ էութեան հակասահմանադրական է։ Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ Կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու վերաբերեալ կառավարութեան ծրագիրի դրոյթը եւս հակասահմանադրական է, որու պատճառով ալ Ազգային ժողովի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները դիմած են Սահմանադրական դատարան։
Գրիգորեանի համոզմամբ՝ իշխանութիւնները հասարակութեան մէջ կեղծ օրակարգեր կը շրջանառեն՝ ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով։