image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան կ՚ուզէ «նոր էջ» բանալ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ

Լիբանան կ՚ուզէ «նոր էջ» բանալ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտարարած է, որ Պէյրութ կը ցանկայ «նոր էջ» բանալ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ զանոնք կառուցել երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներու հիման վրայ։

Ան նաեւ կոչ ըրած է Իրանին՝ Լիբանանի մէջ նոր դեսպան նշանակելու։

Սալամ նշած է, որ Լիբանանի առաջնահերթութիւններէն մէկը Իսրայէլի ամբողջական դուրսբերումն է երկրի տարածքէն եւ իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցումը։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին մէջ զէնքը պէտք է գտնուի բացառապէս պետութեան վերահսկողութեան ներքոյ։