image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատումն ու սահմանագծումը պիտի կատարուի բարեկամական ռեժիմով․ Քոպախիձէ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատումն ու սահմանագծումը պիտի կատարուի բարեկամական ռեժիմով․ Քոպախիձէ

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ յայտարարած է, որ Վրաստան բարեկամական յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի հետ՝ խօսելով Դաւիթ Կարէճիի վանքի շուրջ, որուն առնչութեամբ վերջին շրջանին լարուածութիւն յառաջացած է Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

«Երկու պետութիւններուն հետ ալ անհրաժեշտ է իրականացնել սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները, եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքը հետագային եւս պիտի շարունակուի բարեկամական մթնոլորտի մէջ», նշած է ան։