image
Հրատապ լուրեր:

Պարսից ծոցին կամ Հորմուզի նեղուցին մէջ ամերիկեան նաւեր չկան. Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի խորհրդական

Պարսից ծոցին կամ Հորմուզի նեղուցին մէջ ամերիկեան նաւեր չկան. Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի խորհրդական

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի բարձրաստիճան խորհրդականը յայտարարած է, որ առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նաւ կը գտնուի Պարսից ծոցին, Հորմուզի նեղուցին, Օմանի ծովուն եւ նոյնիսկ Հնդկական ովկիանոսի հիւսիսային հատուածին մէջ։

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի գլխաւոր հրամանատարի խորհրդատուական խմբակի ղեկավար, զօրավար Ալի Ֆատաւի հեռուստատեսային հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ վերջին ամիսներուն Հորմուզի նեղուցը ամբողջութեամբ կը գտնուի Իրանի վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին կը հաղորդէ IRNA գործակալութիւնը։

Անոր համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները Պարսից ծոցին մէջ ռազմական ներկայութիւն ունեցած է 1853-էն ի վեր, սակայն այժմ առաջին անգամ ըլլալով այդ տարածքներուն մէջ ամերիկեան նաւեր չկան։

«Ամերիկացիները փախած եւ հեռացած են մեր սահմաններէն աւելի քան հազար քիլոմեթր»,– ըսած է Ֆատաւի՝ աւելցնելով, որ «սա տեղի չէ ունեցած անոնց կամքով, այլ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային ուժերուն հզօրութեան արդիւնքն է»։

Ան նշած է, որ ամերիկացիները կը պնդեն, որ կրնան Հորմուզի նեղուցի հարաւային հատուածէն, Իրանի կողմէ պաշտօնապէս սահմանուած գօտիէն դուրս, օրական առաւելագոյնը 3-4 միլիոն տակառ նաւթ փոխադրել։ Սակայն Ֆատաւի այդ ծաւալը չնչին նկատած է՝ նեղուցէն սովորաբար անցնող նաւթի քանակին համեմատ։

Ան պարզաբանած է, որ նախապէս Հորմուզի նեղուցէն պաշտօնական ուղիներով օրական կ՚անցնէր աւելի քան 20 միլիոն տակառ նաւթ, իսկ յաւելեալ ծաւալներ կ՚արտահանուէին ոչ պաշտօնական եղանակով։

Ֆատաւի աւելցուցած է, որ ամերիկեան նաւերը «բաց եւ խոցելի» են Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային ուժերուն համար։ Անոր խօսքով՝ ամերիկեան ուժերը բազմիցս փորձած են իրենց ռազմական նաւերը Հորմուզի նեղուց մտցնել, սակայն ենթարկուած են Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի  ռազմածովային եւ օդատիեզերական ուժերու յարձակման։

«Լարուածութեան որեւէ սրում, անկասկած, պիտի վնասէ առաջին հերթին՝ անոնց»,– ըսած է Ֆատաւի։