Երեւանի մէջ, «Լուսակն» տպագրատունէն լոյս տեսած է Ս. Դ. Հնչակեան Կուսկցութեան Կիպրոսի միաւորին գործունէութեան համառօտ պատմութիւնը ներկայացնող հատոր մը:
Գիրքին խորագիրն է «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանի Գործունէութեան Քսան Տարին (2005-2025):
Գիրքը կը բաղկանայ 160 էջերէ. պատկերազարդ: Խմբագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է Աւետիս Փոշօղլեան: Գիրքը հրապարակուած է Յակոբ Տիգրանեանի լիաբուռն մեկենասութեամբ: