Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի օտարերկրեայ դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ մղուող պատերազմը ռազմական լուծում պիտի չունենայ։ «յս մասին կը հաղորդէ France 24-ը։
«Եթէ մեր թշնամիները կրկին ընտրեն ռազմական առճակատման ուղին, մեր պատասխանը պիտի ըլլայ աւելի ուժեղ, քան նախապէս էր, եւ մենք մեզ պիտի պաշտպանենք աւելի մեծ ուժով։
Ռազմական լուծում չկայ, ինչպէս նաեւ լուծում չկայ նոր պատժամիջոցներու միջոցով», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի՝ օտարերկրեայ դեսպաններու մասնակցութեամբ հանդիպման ընթացքին։
Ան աւելցուցած է, որ միայն «արդարութեան եւ անկողմնակալութեան վրայ հիմնուած բանակցութիւնները» կրնան վերջ տալ հակամարտութեան։
Վերջին շրջանին Ուաշինկթըն նուազեցուցած է Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու ուժգնութիւնը՝ նախապատուութիւն տալով տնտեսական ճնշման։
Յունիսին Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը Փաքիստանի միջնորդութեամբ ստորագրած էին փոխըմբռնման յուշագիր, սակայն հետագային բանակցութիւնները մտան փակուղի՝ անվտանգութեան երաշխիքներու եւ Հորմուզի նեղուցով նաւարկութեան ազատութեան շուրջ ծագած տարաձայնութիւններուն պատճառով։