image

Ատրպէյճանցիի կրակոցէն տուժած կինը վիրահատուած է, յետվիրահատական վիճակը կայուն է

Ատրպէյճանցիի կրակոցէն տուժած կինը վիրահատուած է, յետվիրահատական վիճակը կայուն է

Սիւնիքի մարզի Շաքի բնակավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատած ատրպէյճանցի զինծառայողի արձակած կրակոցէն վիրաւորուած կինը վիրահատուած է, իսկ յետվիրահատական վիճակը կը գնահատուի կայուն։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Մարիամ Ծատրեան՝ ընդգծելով, որ բուժառուին կը տրամադրուի իր վիճակին համապատասխան բժշկական օգնութիւն։

«Նրա կեանքին սպառնացող ռիսկ չունենք։ Գտնւում է բժիշկների հսկողութեան տակ, տրամադրւում է վիճակին համարժէք բուժօգնութիւն։ Բարդութիւններ առկայ չեն»,-նշած է Ծատրեանը:

Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Նասիմի Ռահիմ Օղլի Մուսաեւը, որ ապօրինաբար հատած էր սահմանը եւ յայտնուած Սիւնիքի մարզին մէջ, հրազէնային վնասուածք հասցուցած էր Շաքիի բնակիչիմ։ Ան երկու ամիս ժամկէտով կալանաւորուած է։

Քրէական վարոյթ յարուցուած է զէնքի գործադրմամբ առողջութեան ծանր վնաս պատճառելու, հրազէնի ապօրինի շրջանառութեան եւ բնակարանի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու, սահմանը ապօրինի հատելու ու զէնքի մաքսանենգութեան յօդուածներով։

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը Սեպտեմբեր 29-ին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանի զօրամասերէն մէկուն զինծառայողը ծառայութեան վայրը լքած էր անյայտ հանգամանքներու մէջ։