Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն այսօր այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնելու Վեհափառ Հայրապետին՝ վերջինիս եղբօր՝ Աւետիս Քէշիշեանի մահուան առիթով։ Նախագահ Աունի այցելութիւնը կը կրէր անձնական ցաւակցութեան եւ յարգանքի դրսեւորումի բնոյթ՝ ընդգծելով նաեւ լիբանանեան պետական իշխանութեան եւ հայ համայնքի հոգեւոր ղեկավարութեան միջեւ հաստատուած կապերու կարեւորութիւնը։
Ստորեւ այդ մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետի պաշտօնական էջով տրուած լրատւութիւնը՝
Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2026-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին։
Նախագահ Աունի այցելութեան հիմնական նպատակն էր ցաւակցութիւն յայտնել Վեհափառ Հայրապետին՝ եղբօր՝ Աւետիս Քէշիշեանի մահուան առիթով, որ վերջերս մահացած էր Նիւ Եորքի մէջ։
Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Լիբանանի Խորհրդարանի Ելեւմտական եւ Պիւտճէական Յանձնախումբի ատենապետ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ միաբան հայրեր

