image

Երեւան -Դիլիջան ճանապարհը որոշ շրջանի մը համար փակուած պիտի մնայ

Երեւան -Դիլիջան ճանապարհը որոշ շրջանի մը համար փակուած  պիտի մնայ

Յարգելի՛ վարորդներ, կը զգուշացնենք, որ առատ ձիւնի եւ անբաւարար տեսանելիութեան պատճառով քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով, Ճանապարհային ոստիկանութիւնը համաձայնեցնելով ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հետ, ժամը 16:45-էն պիտի արգիլէ երթեւեկութիւնը Սեւան-Դիլիջան ճանապարհին, Սեւանի թերակղզիէն-Դիլիջան քաղաքի շրջանաձեւ խաչմերուկ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ոստիկանութեան լրատուական ծառայութիւնը։

Ելլելով վերը նշուածէն` կ'առաջարկուի օգտուիլ շրջանցիկ ճանապարհէն` Վանաձորով: