14 Յուլիսին, ողբերգական ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ: Ժամը 21:00-ի սահմաններուն Երեւան-Արմաւիր ճանապարհի Պտղունք գիւղի տարածքին մէջ բախուած են Samand եւ Toyota Vitz մակնիշի մեքենաները:
Ինչպէս կը յայտնէ shamshyan.com-ը, վթարի հետեւանքով 3 հոգի տեղւոյն վրայ մահացած են:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը պարզած են վարորդներու եւ մահացածներու ինքնութիւնը: Աղբիւրի տեղեկութիւներով՝ Samand մակնիշի մեքենան հաշուառուած է ՀՀ ոստիկանութեան պետական պահպանութեան գլխաւոր վարչութեան հաշուեկշռին մէջ, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, մահացածներէն 2-ը ոստիկանութեան ծառայողներ են, մէկը՝ քաղաքացիական անձ:
Մահացածներէն 2-ը յայտնաբերուած են դուրսը, մէկն ալ՝ մեքենայի մէջ: