Սփիւռքի հայերու վերաբերմունքը՝ Հայաստանին, բաւականին նոսթալճիք եւ ռոմանթիք է: Խօսքը կ'երթայ պլատոնիկ սիրոյ մը շուրջ, որը ոչ մէկ կերպ պատասխան չի գտներ սպասումներուն դիմաց, սակայն միեւնոյն ժամանակ, այդ սէրէն երբեք չի կրնար հրաժարիլ: Այս հոգեվիճակէն հեռանալ չկարենալով՝ հնարաւոր չէ տեսնել իրականութիւնը: Սփիւռքի հայերու մէջ տարածուած «Մենք այստեղ մեր հանգիստը չխաթարենք, երբեմն երթանք այցելենք Հայաստանը, նոյնիսկ հոնկէ մեզ համար կանաչ կազոնով ամառանոցային տուն մը գնենք»-ի տրամադրութիւնը եւ ազատ ժամանակն ալ ազգայնական ելոյթներ լսելով անցնելը Հայաստանի ժողովուրդի փորը չի կշտացներ: Սփիւռքահայն այսօր կը վերապրի հողի, հայրենիքի, դրօշի, քենի եւ վրեժխնդրութեան նման հասկացողութիւններու վերանայման անհրաժեշտութիւն պահանջող փուլ մը: Մեր մանկութեան ժամանակ երգ մը կար. «Այնտեղ հեռուն գիւղ մը կայ, այդ մեր գիւղն է: Հոն չերթանք ալ, չմնանք ալ, այդ գիւղը մեր գիւղն է»:
Երբ «վերջանայ» գիւղացին, ոչ գիւղը կը մնայ, ոչ ալ՝ ձեր ամառանոցը:
«Ակոս», ապրիլի 7, 2000