image

Երբ «Վերջանայ» Գիւղացին, Ոչ Գիւղը Կը Մնայ, Ոչ Ալ՝ Ձեր Ամառանոցը».Հրանդ Տինք

Երբ «Վերջանայ» Գիւղացին, Ոչ Գիւղը Կը Մնայ, Ոչ Ալ՝ Ձեր Ամառանոցը».Հրանդ Տինք

Սփիւռքի հայերու վերաբերմունքը՝ Հայաստանին, բաւականին նոսթալճիք եւ ռոմանթիք է: Խօսքը կ'երթայ պլատոնիկ սիրոյ մը շուրջ, որը ոչ մէկ կերպ պատասխան չի գտներ սպասումներուն դիմաց, սակայն միեւնոյն ժամանակ, այդ սէրէն երբեք չի կրնար հրաժարիլ: Այս հոգեվիճակէն հեռանալ չկարենալով՝  հնարաւոր չէ տեսնել իրականութիւնը: Սփիւռքի հայերու մէջ տարածուած «Մենք այստեղ մեր հանգիստը չխաթարենք, երբեմն երթանք այցելենք Հայաստանը, նոյնիսկ հոնկէ  մեզ համար կանաչ կազոնով ամառանոցային տուն մը գնենք»-ի տրամադրութիւնը եւ ազատ ժամանակն ալ ազգայնական ելոյթներ լսելով անցնելը Հայաստանի ժողովուրդի փորը չի կշտացներ: Սփիւռքահայն այսօր կը վերապրի հողի, հայրենիքի, դրօշի, քենի եւ վրեժխնդրութեան նման հասկացողութիւններու վերանայման անհրաժեշտութիւն պահանջող փուլ մը: Մեր մանկութեան ժամանակ երգ մը կար. «Այնտեղ հեռուն գիւղ մը կայ, այդ մեր գիւղն է: Հոն չերթանք ալ, չմնանք ալ, այդ գիւղը մեր գիւղն է»:
Երբ «վերջանայ» գիւղացին, ոչ գիւղը կը մնայ, ոչ ալ՝ ձեր ամառանոցը:

                                                                             «Ակոս», ապրիլի 7,  2000