Երբ համաշխարհային արուեստի բեմը կը բացուի եւ անոր լոյսերուն տակ կը փայլի հայկական ոգին, այդ մէկը պարզապէս ներկայութիւն չէ, այլ՝ արժէքի հաստատում։ Ամերիկեան հեղինակաւոր «Fine Art» պարբերականի «Ոսկեայ յոբելեան»ը դարձաւ բացառիկ առիթ մը, ուր հայ մշակոյթը ոչ միայն ներկայացուեցաւ, այլեւ բարձրացուեցաւ որպէս ստեղծագործ ուժ, որ կը միաձուլէ անցեալն ու ներկան, արմատն ու նորարարութիւնը։
Այս համատեքստին մէջ, «Noah’s Ark» արուեստի ընկերութիւնը կը ներկայանայ որպէս կամուրջ մը՝ միացնող աշխարհներ, մշակոյթեր եւ մտածողութիւններ։ Անիկա ոչ միայն ցուցասրահ մըն է, այլ՝ գաղափար, տեսիլք եւ պայքար՝ արուեստը բարձրացնելու իր արժանի դիրքին։ Հետեւաբար, Մովսէս Ծիրանիի հետ կայացած այս հարցազրոյցը պարզ զրոյց մը չէ, այլ՝ ճամբորդութիւն մը դէպի արուեստի խորքը, ուր «տաճար» բառը կը ստանայ իր ամբողջական իմաստը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ամերիկեան պարբերականին Մովսէս Ծիրանիի հետ ունեցած զրոյցը՝
Առ ի Մեծարանք Հայ Մշակոյթին
Վիքթըր Ֆորպսի տնօրենութեամբ եւ գլխաւորութեամբ հրատարակուող ամերիկեան «Fine Art» արուեստի պարբերականի Ոսկէ յոբելեանի՝ 50 ամեակն էր անցնող տարին: Այս առիթով հրատարակուող բացառիկին, 25 էջը յատկացուած է Հայ Մշակոյթին:
Այս մեծազդեցիկ հրատարակութեան մէջ Մովսէս Ծիրանիի հետ կայացած է շահեկան եւ հետաքրքրական հարցազրոյց մը, նոյն ինքն Խմբագրապետի՝ Վիքթըր Ֆորպսի կողմէ, զոր թարգմանաբար կուտանք ստորեւ.
Noah’s Ark-ը Իբրեւ՝ Արուեստի Տաճար
- Նախ կ'ուզենք գիտնալ թէ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ Noah’s Ark արուեստի ընկերութիւնը:
-- Նախաձեռնութեամբ՝ արուեստաբան Հենրիկ Իգիտեանի եւ գործակցութեամբ այլ երկու արուեստասէր ընկերներու՝ Ռուբէն Աւագեանին ու Մհեր Սահակեանին «Նուազ Արք»ի հիմը դրուեցաւ 1995-ին Մոսկուայի մէջ եւ ապա տեղափոխուեցաւ նաեւ Երեւան եւ Պէյրութ: Այնպէս որ երբ ես Երեւան գացի հանդիպեցայ Իգիտեանին միացայ իրենց գործին, ընկերութիւնը հիմնադրուած էր արդէն: Իսկ Պէյրութի ցուցասրահի բացումէն առաջ, իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք հրատարակեցինք երկու պատկերագիրքեր, «Tree of Life» եւ «Gallery Noa’s Ark», որոնք մեկնելով արուեստի ձեւաւորման մեր սկզբունքներէն լոյս տեսան բարձրորակ տպագրութեամբ... (highquality printing) իւրաքանչիւրը 134 էջ ծաւալով, եւ հինգ հազար տպաքանակով: Այս երկու պատկերագիրքերը հիմք հանդիսացան Gallery Noa’s Ark-ի մեկնարկին, որուն առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 1995-ին Պէյրութի «Emmagoss» Ցուցասրահին մէջ: Իսկ յաջորդ տարին երբ Gallery Noa’s Ark-ի Պէյրութի շէնքը պատրաստ էր արդէն, Կազմակերպեցինք աւելի մեծածաւալ ցուցահանդէս մը, «Post-Soviet Painting» ընդհանուր խորագրին տակ, որ իր բերած նորարարութեամբ եւ որակով երեւոյթ դարձաւ տարածաշրջանի մէջ: Նոյն առիթով եւ նոյն խորագրով հրատարկեցինք նաեւ պատկերագիրք մը, ուր ex-soviet երկիրներէն ներկայացուած էին եօթը Ռուս, Ուքրանացի, Հրեայ եւ Հայ գեղանկարիչներ, ինչպէս. – Konstantin Khudyakov, Yury tsvetayev, Ruben Abovyan, Samuel Garekinyan, Al. Maltsev, Vahram and Andrej Kostin. Բացի յիշեալներէն այս առիթով ցուցադրեցինք նաեւ այլ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս M. Chemiakin, Al. Isachev, G. Yeghiazarian, M. Alexandrov, ext.
- Այս բոլորը լաւ, սակայն հոս կարեւոր հարց մը եւս ունինք: Դուք որ առաւելաբար Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ կը Գործէիք, ի՞նչպէս միջազգային ասպարէզ մուտք գործեցիք:
- Բացատրեմ: Կը կարծեմ թէ մեր ներկայացուցած որակեալ եւ իւրայատուկ արուեստի կողքին իր դերը ունեցաւ նաեւ արուեստի հանդէպ մասնագիտական լուրջ ու յարգալից վերաբերմունքը: Մենք ունինք մեր «տասնաբանեան» որ վերջաւորութեան կրնանք ընթերցողի տրամադրութեան տակ դնել: Ի սկզբանէ մեզի համար ցուցասրահը եղած է արուեստի տաճար(Art Temple), այնպէս ինչպէս Օփերան, եւ կամ Թանգարանը:
-- Կ'ակնարկէք նաեւ՝ ձեր ներկայացուցած արուեստի իւրայատկութեան մասին, ո՞րն է այդ իւրայատկութիւնը:
-- Մենք առաւելաբար մասնագիտացած ենք Absurd Surrealism-ի մէջ, որ տակաւին ճանչցուած չէ իբրեւ այդպիսին:
-- Այո, ես առաջին անգամ ձեզմէ լսած եմ Absurd Surrealism արտայայտութիւնը: Մեր մօտ տակաւին ընդունուած չէ եւ արեւմտեան արուեստաբանները եւս այս մասին չեն խօսիր եւ հաւանաբար չեն ընդունիր նաեւ՝ իբրեւ արուեստի ուղղութիւն: Ո՞ւրկէ կու գայ այս concept-ը:
-- Այն ընդունուած չէ նաեւ արեւելեան արուեստաբաններու կողմէ: Իրականութեան մէջ, ինչպէս իր անուանումը ցոյց կու տայ Գերիրապաշտութեան մէկ տեսակն է, ուր «Անհեթեթի Զգացողութիւնը» շեշտուած կը թուի ըլլալ: Թէեւ Անհեթեթ Թատրոնի ներկայացուցիչները (Albert Camus, Samuel Beckett, Jean Genet...), բացայայտեցին ու տարածեցին The concept of absurdity-ն գրականութեան մէջ, սակայն ի սկզբանէ անոնց մենաշնորհը չէ եղած...: Իրենցմէ առաջ գոյութիւն ունէր եւ իրենցմէ յետոյ ալ կը շարունակուի... : Կեանքին մէջ տեղի ունեցող երեւոյթներէն շատ շատեր անտրամաբանական ու «անիմաստ» կը թուին մեզի: Փաստօրէն սակայն արտաքին երեւոյթներու տակ անթեղուած կը մնան անշօշափելի ու բարդ ճշմարտութիւններ, որոնք բնազդաբար եւ տարերայնօրէն կը դրսեւորուին իրաւ արուեստագէտներու բարձրորակ ստեղծագործութիւններու մէջ, որոնք աւելի իրական են ու ճշմարիտ քան՝ շօշափելի աշխարհը: Իսկ Luigi Pirandello-ն յստակօրէն կ'ըսէ. «Life is a full of strange absurdities ties, which strangely enough, do not even need to appear plausible, since they are true».
-- Կրնա՞նք եզրակացնել որ Noah’s Ark-ը միայն Գերիրապաշտ արուեստ կը ցուցադրէ:
-- Ոչ, ատիկա ճիշդ չէ, մենք ոչ միայն ուրիշ բազմաթիւ յայտնի արուեստագէտներու գործեր ցուցադրած ենք, աշխարհի չորս կողմերէն այլ նաեւ գործակցած ոմանց հետ:
-- Օրինա՞կ.
-- Օրինակի համար, Yuroz and Michael Cheval (ԱՄՆ), Paul Ygartua եւ Berdj Tchkejian (Գանատա), Salvador Dali (Սպանիա), Garzou, Jansem and Asadour,(Ֆրանսա), Emmanuelle Ferracciony (Իտալիա), Thor Lindeneg (Դանիա), Guilermo Di Diego, Marsela Cazabouri եւ Cilvia Celcer (Արժանդին, եւայլն.)
-- Շատ լաւ, հասկնալի է, սակայն գործնապէս ինչպէ՞ս միջազգային ասպարէզ յայտնուեցաք:
--1998-ին Պէյրութի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուէր International Art Fair: Կազմակերպիչը՝ ֆրանսացի արուեստաբան Laur De Hautwillը յատուկ ժամադրութեամբ Gallery Noa’s Ark բերաւ Արուեստաբան Patrick Barrer-ը: Ան հրաւիրեց զիս մասնակցելու Ժընեւի «Pal Expo»-ի մէջ կայանալիք, «Europe Art 2000», արուետի տօնախմբութեան առիթով իր կազմակերպած միջազգային ցուցահանդէսին, (որուն տնօրէնն ու ընդհանուր կազմակերպիչն էր), միաժամանակ խոստանալով օգնել ինծի թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս: Երբ ես կը տատամսէի որոշում առնելու Laur de Hautwill-ը քաջալերեց զիս ըսելով որ «ասիկա առիթ մըն է քեզի միջազգային ասպարէզ դուրս գալու: Եւ նկատի առ նաեւ որ Պր. Patrick-ը ամբողջ միջին արեւելքէն միայն քեզ ընտրած է»: Իսկ երբ հարց տուի թէ «ինչո՞ւ միայն զիս», Patrick Barrer-ը ըսաւ.«որովհետեւ քու ներկայացուցած արուեստը իւրայատուկ է եւ դուն professional կաշխատիս»: Այդպէս ալ եղաւ, մենք ոչ միայն մեծ յաջողութիւն արձանագրեցինք այդ միջազգային ցուցահանդէսին, այլ նաեւ՝ իմ գեղանկարիչներէն մէկը՝ Վահրամը ընտրուեցաւ այդ ցուցահանդէսին մասնակցող աշխարհի լաւագոյն քառասուն արուեստագէտներէն մէկը եւ ապա իր «The midnight game» իւղանկարը Զուիցերական Կրուէրի «Fantastic Art Museum»-ի տնօրէնութեան (Etien Shatonի եւ իր գործնկերներու) կողմէ ընտրուեցաւ քառասուններէն լաւագոյնը եւ մաս կազմեց թանգարանի հաւաքածոյին: Այսպիսով կրցանք մտնել միջազգային արուեստի ասպարէզ..: Իսկ յետագային երբ 2008-ին Նիու Եորքի մէջ արժանացանք «Fine Art Magazine»-ի ուշադրութեան, անոր հետ մեր համագործակցութիւնը եղաւ չափազանց արդիւնաւէտ ու բեղուն:
- ի՞նչպէս:
- Մինջ այդ թէեւ մենք որոշ ճանաչում գտած էինք հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, սակայն «Fine Art» աւելի տարածեց մեր անունը յատկապէս Եւրոպայի տարածքին:
--Ի՞նչպէս.
--Ամերիկեան եւ քանատական media-ներէն ոմանք, (Ինչպէս. “Reuters”, “Art World News”, “Art Business News”, “Art Trend”, “Washington News World” ext). թէեւ մինչ այդ երբեմն կ'անդրադառնային մեր գործունէութեան, սակայն շնորհիւ «Fine Art Magazine»ի մենք կրցանք մուտք գործել նաեւ՝ Եւրոպա: 2009-ի Աշնան. Թիւ 17. մէջ լոյս տեսած առաջին յօդուածէն (“The Eternal in The Present”) իսկ շարք մը media-ներ եւ թերթեր, սկսան աւելի հետաքրքրուիլ մեր մասին ու գնահատել մեր արուեստը:
Իսկ 2010-ին Contemporary Art Fair “Art Monaco 10”ի ընթացքին, David Dubois (LUX IMMO Magazine-ի հրատարակիչն ու ներկայացուցիչը քովս եկաւ եւ առաջարկեց որ աշխատակցիմ նաեւ իր արուետի պարբերականին: Հետագային սկսայ ստորագրել նաեւ՝ իր հրատարակած մէկ այլ Magazine-ի “L.A. Art”-ի մէջ որ կը հրատարակուէր Երեք լեզուներով (Անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն) եւ հինգ քաղաքներու համար (New York, Mօscow, London, Paris եւ Monacow):
Ասկէ ետք մենք հնարաւորութիւն ունեցանք ծանօթանալու եւ գործակցելու արուեստի աշխարհին մէջ ճանչուած բազմաթիւ յայտնի (Well known) անձնաւորութիւններու հետ, որոնք ոչ միայն գնահատեցին արուեստի հանդէպ մեր որդեգրած կեցուածքն ու գործունէութիւնը, այլեւ նպաստեցին մեզի զարգացնելու եւ տարածելու մեր ներկայացուցած արուեստը: (Ինչպէս. “Art Evolution”ի հիմնադիր եւ տնօրէն՝ Cristopher Talbot. Ամերիկացի յայտնի արուեստաբան՝ Carol Curci (AAA), Director and founder of «Art Stage Singapore»ի հիմնադիր եւ տնօրէն՝ Lorenzo
Rudolf, «Art Stage Singapore»ի կազմակերպիչ տնօրէն՝ Dr. Gil Schneider. «Expo Art Monaco»-ի հիմնադիր եւ տնօրէն՝ Johnessco Rodriguez.“Arteclasica”ի հիմնադիր եւ տնօրէն՝ Andres Bardon, ext.).
Եւ այսպէս շնորհիւ «Fine Art Magazine»ին Ոչ միայն Gallery Noa’s Ark-ը սկսաւ ճանչցուիլ միջազգային հարթակներու վրայ եւ հնարաւորութիւն ունեցանք մասնակցելու երեսունըհինգ International Art Fair-երերու, այլ նաեւ առիթ ունեցանք ծանօթանալու շարք մը միջազգային դէմքերու, որոնք նոյնպէս քաջալերեցին մեզ ու գնահատեցին մեր արուեստը. (ինչպէս. Charles Aznavour, Jane Seymour, Omar sharif, Pele, Queen Farah Dibah, Senorita and & Ayrston Senna, Leza & Eric Lidow, Etienne Chatton, Jacky & Stanley Drosch, Clifford Roberts ext. Ինչպէս նաեւ՝ մեր լաւագոյն ընկեներէն՝ Victor Forbes, որուն համար արուեստը ոչ թէ միջոց է այլ նպատակ իբրեւ կեանքի բարձրագոյն համամարդկային դրսեւորում: Մեր հաստատումին գլխաւոր ապացոյցը այն է որ յիսուն տարիներէ ի վեր կը շարունակէ հրատարակել Fine Art-ի նման վարկ (prestige) ունեցող Magazine մը: Այս առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ զինք, հրատարակիչն ու իր օգնական խմբագիրները...
--Այս առիթով թոյլ տուր մեզ շնորհաւորելու քեզ եւ ընտանիքդ «Նոազ Արք»ի Երեսուն ամեակի առիթով, մաղթելով շարունակական յաջողութիւններ: