image

Էքրէմ Իմամօղլու Պոլսոյ նոր քաղաքապետ. Զինք շնորհաւորած է նոյնիսկ Էրտողանը

Էքրէմ Իմամօղլու Պոլսոյ նոր քաղաքապետ. Զինք շնորհաւորած է նոյնիսկ Էրտողանը

Պոլսոյ  ժողովուրդը երէկ իր վճռորոշ տեսակէտը յայտնեց եւ ընդդիմադիր ժողովրդահանրապետական թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլուն հասցուց Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին։ 

Նշենք, որ այս մէկն արդէն իմամօղլուի երկրորդ ընտրութիւնն էր։

 

Կիրակի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը շնորհաւորած է հիմնական ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլուն Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններուն յաղթանակի կապակցութեամբ:

«Ես յոյսով եմ, որ Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւնները կ'ըլլան ի շահ քաղաքի: Այսօր կրկին ժողովուրդը արտայայտած էր իր կամքը: Ես կը շնորհաւորեմ Էքրէմ Իմամօղլուն, որ յաղթանակ տարաւ ընտրութիւններուն՝ ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու»,-գրած է Թուրքիոյ առաջնորդը թուիթըրեան իր էջին:

Վերջին տուեալներու համաձայն՝ ձայներու 99,4 տոկոսը հաշուելէ ետք Իմամօղլուն հաւաքած է 54 տոկոս, իսկ Էրտողանի գլխաւորած ԱԶԿ-ի թեկնածու Պինալի Եըլտերիմը՝ 45,1 տոկոս: Եթէ ձայներու հաշուարկէն ետք արդիւնքը չփոխուի, ապա այդ պարագային ԱԶԿ-ը, 2002 թուականէն սկսած, առաջին անգամ կը զիջի իր դիրքերը Պոլսոյ մէջ քաղաքապետի ընտրութիւններու ընթացքին: