image

Եօթ նախագահներ, որոնք առաւել դաժան մահէ փրկուելու համար ընտրած են անձնասպանութիւնը

Եօթ նախագահներ, որոնք առաւել դաժան մահէ փրկուելու համար ընտրած են անձնասպանութիւնը

Ըստ Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութեան տուեալներուն, իւրաքանչիւր տարի մօտ 800 հազար անձ կը դիմէ անձնասպանութեան, այսինքն, իւրաքանչիւր 40 երկվայրկեանը մէկ անձ իր կեանքին կամաւոր կերպով վերջ կու տայ:

Լիբանանեան «Ալ Տիար» լրատուական կայքը անդրադարձ կատարած է եօթ նախագահներու եւ քաղաքական գործիչներու, որոնք իրենց կեանքին վերջ տուած են անձնասպանութեան դիմելով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նշեալ ղեկավարներուն անուններն ու մահուան հանգամանքները.

  1. Քարլոս Ռոպերթօ Ռինա- քաղցկեղի դէմ պայքարող Հոնտուրասի նախկին նախագահը 2003 թուականի օգոստոսին հիւանդութեան հետեւանքով երկարատեւ տառապանքէ խուսափելու համար 77 տարեկան հասակին վերջ տուաւ իր կեանքին:
  2. Լազարոս Իթարօ Սարի- անկախացած Փալաու հանրապետութեան առաջին նախագահը իր կեանքին վերջ տուաւ կաշառակերութեան մէջ մեղադրուելուն եւ իր վատ համբաւին պատճառով:
  3. Ռոհ Շու Հիոն- Հարաւային Քորէայի նախկին նախագահը 62 տարեկանին 45 մեթր բարձրութենէ ցատկելով վերջ տուաւ իր կեանքին: Անձնասպանութեան պատճառը նոյնպէս կաշառակերութեան մէջ մեղադրուելու հետեւանքով ամօթի զգացումն էր:
  4. Ճիթոլօ Ֆարկաս- Պրազիլի նախկին նախագահի քաղաքական անյաջողութիւնները պատճառ դարձան վերջինիս անձնասպանութեան:
  5. Ատոլֆ Հիթլեր- գերմանացի ղեկավարը 1945 թուականի ապրիլի 30-ին վերջ տուաւ իր կեանքին, խուսափելով իր կատարած արիւնարբու արարքներուն համար դատապարտուելէ եւ դաժան պատիժի ենթարկուելէ:
  6. Ժոզէֆ Կուպլըր- Հիթլէրի հաւատարիմ ընկերը վերջինիս անձնասպանութեան յաջորդ օրը ինք եւս դիմեց նոյն քայլին, խորհրդային ուժերու պատիժէն խուսափելու համար:
  7. Քաթօ Կրտսեր- այս անուամբ նշանաւոր դարձած հռոմէացի քաղաքական գործիչը Յուլիոս կայսեր փտածութեան դէմ մղած իր պայքարին հետեւանքով վերջինիս ենթարկուելէ խուսափելով, Մ.Թ.Ա. 46 թուականին վերջ տուաւ իր կեանքին: «Նախընտրելի է անձնասպան ըլլալ, քան թշնամիին ենթարկուիլ»,- ըսած է ան: