Ըստ Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութեան տուեալներուն, իւրաքանչիւր տարի մօտ 800 հազար անձ կը դիմէ անձնասպանութեան, այսինքն, իւրաքանչիւր 40 երկվայրկեանը մէկ անձ իր կեանքին կամաւոր կերպով վերջ կու տայ:
Լիբանանեան «Ալ Տիար» լրատուական կայքը անդրադարձ կատարած է եօթ նախագահներու եւ քաղաքական գործիչներու, որոնք իրենց կեանքին վերջ տուած են անձնասպանութեան դիմելով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նշեալ ղեկավարներուն անուններն ու մահուան հանգամանքները.
- Քարլոս Ռոպերթօ Ռինա- քաղցկեղի դէմ պայքարող Հոնտուրասի նախկին նախագահը 2003 թուականի օգոստոսին հիւանդութեան հետեւանքով երկարատեւ տառապանքէ խուսափելու համար 77 տարեկան հասակին վերջ տուաւ իր կեանքին:
- Լազարոս Իթարօ Սարի- անկախացած Փալաու հանրապետութեան առաջին նախագահը իր կեանքին վերջ տուաւ կաշառակերութեան մէջ մեղադրուելուն եւ իր վատ համբաւին պատճառով:
- Ռոհ Շու Հիոն- Հարաւային Քորէայի նախկին նախագահը 62 տարեկանին 45 մեթր բարձրութենէ ցատկելով վերջ տուաւ իր կեանքին: Անձնասպանութեան պատճառը նոյնպէս կաշառակերութեան մէջ մեղադրուելու հետեւանքով ամօթի զգացումն էր:
- Ճիթոլօ Ֆարկաս- Պրազիլի նախկին նախագահի քաղաքական անյաջողութիւնները պատճառ դարձան վերջինիս անձնասպանութեան:
- Ատոլֆ Հիթլեր- գերմանացի ղեկավարը 1945 թուականի ապրիլի 30-ին վերջ տուաւ իր կեանքին, խուսափելով իր կատարած արիւնարբու արարքներուն համար դատապարտուելէ եւ դաժան պատիժի ենթարկուելէ:
- Ժոզէֆ Կուպլըր- Հիթլէրի հաւատարիմ ընկերը վերջինիս անձնասպանութեան յաջորդ օրը ինք եւս դիմեց նոյն քայլին, խորհրդային ուժերու պատիժէն խուսափելու համար:
- Քաթօ Կրտսեր- այս անուամբ նշանաւոր դարձած հռոմէացի քաղաքական գործիչը Յուլիոս կայսեր փտածութեան դէմ մղած իր պայքարին հետեւանքով վերջինիս ենթարկուելէ խուսափելով, Մ.Թ.Ա. 46 թուականին վերջ տուաւ իր կեանքին: «Նախընտրելի է անձնասպան ըլլալ, քան թշնամիին ենթարկուիլ»,- ըսած է ան: