image
Հրատապ լուրեր:

Դուռը պէտք է բաց պահենք, որ բոլոր հայերը իրենց գիտելիքը, ժամանակը, կարողութիւնը ներդնեն այս երկրին մէջ. ՀՀ Նախագահ

Դուռը պէտք է բաց պահենք, որ բոլոր հայերը իրենց գիտելիքը, ժամանակը, կարողութիւնը ներդնեն այս երկրին մէջ. ՀՀ Նախագահ

Հայաստանը փոքր պետութիւն է, բայց համաշխարհային ազգ, հետեւաբար պէտք չէ անտեսել ստեղծուած հնարաւորութիւնը՝ հայութեան ներուժը Հայաստանին ծառայեցնելու համար: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այսպիսի տեսակէտ արտայայտած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Մայիս 20 լոյս 21-ին ուղիղ տեսակապով ելոյթ ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու ուսումնարանի «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկման:

Անդրադառնալով Հայաստանի վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն՝ նախագահը բացառիկ եւ հրաշալի որակած է խաղաղ ցոյցերով, սեփական տեսակէտներն ու համոզումները արտայայտելու միջոցով քաղաքական համակարգ փոխելու հնարաւորութիւնը Հայաստանի մէջ: «Կը կարծեմ իբրեւ հայեր պէտք է հպարտանանք այն ամէնով, ինչին հասանք 2018 Ապրիլ-Մայիսին։ Ի հարկէ, ասիկա կը ստեղծէ մեծ ակնկալիքներ ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ միայն երիտասարդ հայերու ծիրէն ներս: Բայց առաջին հերթին երիտասարդ հայերուն կը ստիպէ հաւատալ, որ իրենք են տէրը այս երկրի, ապագայի, արժէքներու եւ ժառանգութեան: Երկրորդն ալ շատ կարեւոր է քաղաքացի ըլլալու, ապագայի համար պատասխանատու ըլլալու զգացումը»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեան:

Նախագահը ըսած է, թէ երբ իրեն առաջարկեցին դառնալ նախագահ, ինքը կը մտածէր, որ ունի 7 տարի տարբեր քննարկումներու, մարդոց քաջալերելու միջոցով հասնելու այն բանին, որ մարդիկ իրենց քաղաքացի զգան՝ ազատօրէն կարծիք արտայայտելու, սեփական հաւատալիքներու համար պայքարելու մղումով, որպէսզի ընտրութեան երթալու ժամանակ ըլլան ազնիւ ու պատասխանատու: Սակայն, ըստ նախագահի, 7 տարուան փոխարէն ատիկա տեղի ունեցաւ 7 օրուան մէջ:

Այս իմաստով Արմէն Սարգսեանը մեծապէս կարեւոր համարած է հայկական ներուժի օգտագործումն ու պահը չկորսնցնելը: «Հայաստանէն դուրս ապրող հայերէն շատերը շատ լաւ քաղաքացիներ են այն երկիրներուն մէջ, ուր կ՝ապրին, անոնցմէ շատերը միջազգային հանրութեան կողմէ յարգուած ու ճանչցուած գիտնականներ, գործարարներ, քաղաքական գործիչներ են եւ այլն: Ժամանակն է, որ բոլորը գիտակցեն, որ Հայաստանն իրենց հայրենիքն է, իրենք այս պետութեան կը պատկանին: Այս առիթը օգտագործելով՝ վերակառուցենք մեր երկիրը յանուն ապագայ սերունդներուն»,- նշած է Արմէն Սարգսեան:

Ան ընդգծած է, որ հայ ազգը բաւականաչափ հասուն եւ իմաստուն է, որ օգտուի այս պատմական հնարաւորութենէն եւ որ ինքը լաւատես է: «Դուռը պէտք է բաց պահենք, որ իսկապէս բոլոր հայերը, որոնք կը կարծեն, որ հայրենիքին տալու բան ունին, հնարաւորութիւն ունենան իրենց գիտելիքը, ժամանակը, կարողութիւնը ներդնել այս երկրին մէջ: Եթէ մենք այդ հնարաւորութիւնը փախցնենք, ես շատ պիտի տխրիմ»,- եզրափակած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: