image

Դիլիջանի մէջ կրակոց եւ զոհ

Դիլիջանի մէջ կրակոց եւ զոհ

24 դեկտեմբերին, երեկոյեան կրակոցներ հնչած են Տաւուշի մարզին մէջ։ Ժամը 21-ի մօտերը «Դիլիջան» ԲԿ-էն ոստիկանութեան Դիլիջանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ հրազէնային վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը, որ գիտակցութեան չգալով՝ մահացած է։ shamshyan.com-ը կը յայտնէ, որ  հիւանդանոց ժամանած են ոստիկանութեան խումբեր եւ քննիչներ։ Հաշուի առնելով յանցագործութեան վտանգաւորութեան աստիճանը՝ ժամանած են նաեւ Տաւուշի մարզի դատախազն ու մարզի դատախազութեան դատախազը։

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ սպանուածը Դիլիջանի բնակիչ 32-ամեայ Մեսրոպ Խառատեանն է։ Ըստ աղբիւրի՝ սպանուածը քանի մը անգամ եղած է դատապարտուած եւ վերջերս յայտնուած է ազատութեան մէջ: Ստեղծուած է քննչական խումբ, յարուցուած է քրէական գործ։