image

Դէպի Հայաստան սփիւռքահայերու մեծ ներհո՞սք

Դէպի Հայաստան սփիւռքահայերու մեծ ներհո՞սք

«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ սփորթի հարցերու ԱԺ յանձնաժողովը՝ Մխիթար Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ, կը նախատեսէ դռնփակ նիստ ընել, որուն հրաւիրուած ըլլան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ու սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, նաեւ՝ ներկայացուցիչներ ԱԳՆ-էն։

Վերջին օրերուն լայնամաշտապ բողոքի ցոյցեր կ'ընթանան Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, եւ կը կանխատեսուի սփիւռքահայերու մեծ ներհոսք Հայաստան։ Յանձնաժողովէն ներս պիտի քննարկեն հնարաւոր սենարը եւ պետութեան հնարաւորութիւններն ու ընելիքները։ Նախնական պայմանաւորուածութեամբ՝ նիստը տեղի պիտի ունենայ վաղը»:

Առաւել մանրամասն՝ թերթի այսօրուայ համարին մէջ: