ՀՅԴ-ն Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանի յայտարարութեան, համաձայն որ ան պիտի չմասնակցի ՀՀ վարչապետի ընտրութեան քուէարկութեան, գնահատական կու տայ: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ ունեցած իր ելոյթին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Աղուան Վարդանեանի յայտարարութիւնը ՀՅԴ խմբակցութեան համար անակնկալ էր: Մենք, բնականաբար, կը յարգենք պատգամաւորի սահմանադրական իրաւունքը, որ ինք կրնայ քուէարկել իր խղճով եւ համոզմամբ, բայց սա Դաշնակցութիւն է եւ ունի իր աւանդոյթները: Անոր կատարած քայլը այդ աւանդոյթներու դէմ էր: Մենք բնականաբար այդ պահուածքին անպայման համապատասխան գնահատական կու տանք»,-ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: