Նախագահ Վլատիմիր Փութինը գիտէ «Թրոյքա տիալոկ» խումբի հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի եւ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի ուղերձներուն մասին, որոնք կոչ ըրած են միջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին: Այս մասին յայտարարած է պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ РБК-ն:
«Բնականաբար, (Փութինին) զեկուցուած է բոլոր ուղերձներուն մասին: Յուզականութիւնը հասկնալի է»,- ըսած է Փեսքովը: Ան նշած է, որ այժմ Ռուսաստանի բոլոր ջանքերը ուղղուած են տարածաշրջանին մէջ հրադադարի հաստատման եւ բանակցութիւններու վերսկսման:
«Դժուար է պատկերացնել աւելի աշխոյժ քայլեր, քան հիմա կ'ըլլան»,- ըսած է Փեսքով պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Ռուսիան աւելի աշխոյժօրէն պիտի մասնակցի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման: