image
Հրատապ լուրեր:

Դարձեալ պատերազմի մասին. «Lebanon 24»-ի հրապարակումը

Դարձեալ պատերազմի մասին. «Lebanon 24»-ի հրապարակումը

«Lebanon 24» լրատուական կայքը յօդուածով մը անդրադարձած է Լիբանանի եւ տարածաշրջանի իրավիճակին, շեշտելով, որ ըստ վերլուծաբաններու, Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերուն դէմ իսրայէլեան կողմի հասցուցած հարուածը Իրան անպատասխան պիտի չթողու, սակայն չորս հանգամանքներ կան, որոնց պատճառով այդ պատասխանը կ'ուշանայ:

Պատճառներէն առաջինը միջուկային համաձայնագիրէն Ուաշինկթընի հրաժարումն է, երկրորդը՝ Լիանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, երրորդը՝ Իրաքի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, իսկ չորրորդը՝ Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան բացումը:

Ըստ վերլուծաբաններու, Իրան յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին հակահարուած պիտի հասցնէ Իսրայէլին, որ նոյն վերջինիս հասցուցած հարուածին ուժգնութեամբ պիտի ըլլայ, սակայն Իրան չի պատրաստուիր Իսրայէլի դէմ պատերազմ յայտարարելու:

Վերլուծաբանները պատերազմի բռնկման հաւանականութիւնը կապած են իրանեան կողմի հակահարուածի ուժգնութեամբ, միաժամանակ նշելով, որ «Հըզպալլա» մաս պիտի չկազմէ որեւէ պատերազմի, բացառապէս այն դէպքերուն, երբ իր ռազմակայանները թիրախաւորուին:

Ինչ կը վերաբերի պատերազմի թէժութեան ու բռնկման վայրին, վերլուծաբանները ոչ մէկ կանխագուշակում կարողացած են ընել: