«National Interest» ամսագրի յօդուածագիր Տանիէլ Տուպթրիս յօդուած մը ստորագրելով գրած է, թէ եկած է ժամանակը, որպէսզի աշխարհը ընդունի այն փաստը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պիտի չհեռանայ իշխանութենէն:
Հեղինակը մասնաւորապէս գրած է, թէ «Սուրիոյ վարչակարգի արշաւը Արեւելեան Ղութայի մէջ յստակ կը դարձնէ պատերազմի ընթացած ուղին, որուն ճանապարհը փոխուած էր 2015-ին՝ Մոսկուայի ռազմական միջամտութենէն ետք»:
Ան նշած է, որ զինեալները, որոնք զրկուած են, արտաքին ուժերու մատակարարումներէն ներկայիս «երկընտրանքի առաջ են, կամ առանց պայմաններու յանձնուիլ եւ դէպի հիւսիս մեկնիլ, կամ սպաննուիլ», աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգները պէտք է Սուրիոյ մէջ իր քաղաքականութեան նոր հիմք մշակէ, նախապատրաստուելով Ասատի տարիներով իշխանութեան վրայ մնալու փուլին»: