Անցնող քանի մը ժամերու ընթացքին Սուրիոյ բանակը զգալի յառաջխաղացում արձանագրած է Դամասկոսի հարաւային թաղամասերուն մէջ, իր տիրապերութեան տակ առնելով նաեւ այնտեղ գտնուող շարք մը պետական կառոյցներ:
«Սանա» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Սուրիոյ բանակը Ալ Հաճար Ալ Ասուատ շրջանի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներով առաջ ընթացած է, ահաբեկչական միաւորները ետ մղելով, միաժամանակ տարածքը ականազերծելով:
Յառաջխաղացման նպաստած է նախանցեալ օրուան ընթացքին ահաբեկիչները շրջափակման ենթարկելու եւ վերջիններուս մատակարարման անցքերը չէզոքացնլու աշխատանքները: