Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայնտած է, որ Դամասկոս պատրաստ է երկխօսութեան բոլոր անոնց հետ, որոնք կը հաւատան Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծման, կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Սոչիի մէջ Սուրիոյ Ազգային երկխօսութեան համագումարի կազմակերպման որոշման անդրադառնալով Շաապան նշած է, որ Սուրիա ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն գործնական քայլերու դիմեց, հաւատալով քաղաքական երկխօսութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչներու մէկ միասնական ճակատագրին:
«Սպասուող համագումարի յաջողութիւնը պայմանաւորուած է տարբեր ընդդիմադիր խմբաւորումներու գիտակցմամբ, թէ ժամանակը հասած է, որ բռնութիւնը դադրեցնեն, իրենց զէնքերը վար դնեն եւ մաս կազմեն ազգային երկխօսութեան, որ պիտի առաջնորդէ առկայ բոլոր խնդիրներու համընդհանուր լուծման»,- կարծիք յայտնած է Պուսայնա Շաապան:
Վերջինս համոզուած է նաեւ, որ մինչեւ այս պահը տակաւին յստակօրէն պարզ չէ, որ ընդդիմութիւնը ցանկութիւն կամ կարողութիւն ունի իսկական քաղաքական երկխօսութեան մէջ ներգրաւուելու: