«Քայլ արա» նախաձեռնութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի աւարտին յայտարարած էր՝ 20 ապրիլին՝ առաւօտեան ժամը 8:00-էն, ցանցային գործողութիւններ սկսեալու եւ մայրաքաղաքի տարբեր հատուածները փակելու մասին:
Երթը այսօր եւս կը շարունակուի: Երթի մասնակիցները Դաւթաշէն համայնքէն` Եղուարդի խճուղիով, շարժած են դէպի Աջափնեակ:
«Ժողովո´ւրդ, գաղափար կա`յ երթը երկու մասի բաժանելու»: Այս մասին երթի մասնակիցներուն ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը եւ առաջարկած երթալ Մալաթիա Սեբաստիա:
Ուսանողներ եւս տարբեր շրջաններու մէջ ցոյցեր կ'իրականացնեն, իրենց միանալու կոչեր տարածելով:
Նիկոլ Փաշինեանը ընթացքին րագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ այսօր երեկոյան հանրահաւաքի ժամուն պիտի խօսի յառաջիկայ ընելիքներու մասին:
Հարցին, թէ իշխանութիւնը երկխօսության կոչ կ'ընէ, այդ մասին խօսք կրնայ ըլլալ, Փաշինեանն ըսած է, որ Հայաստանի մէջ այլեւս իշխանութիւն չկայ.
«Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը չկայ, Հայաստանում իշխանութիւնն այլեւս ժողովուրդն է»: