image

Չմոռնանք, որ գաղութ բառը բանտ կը նշանակէ. Ռաֆֆի Օհաննէսեան

Չմոռնանք, որ գաղութ բառը բանտ կը նշանակէ. Ռաֆֆի Օհաննէսեան

«Ես հայրենադարձութեան կը հաւատամ, «Դէպի երկիր» կագախօսին կը հաւատամ ու այդ կարգախօսին հաւատալով է, որ Հայաստան հաստատուեցայ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ հալէպահայ տնտեսագէտ Ռաֆֆի Օհաննէսեան:

«Եթէ հիմա մեր ցաւը եղած է գաղութ պահելը, ուրեմն մենք մեզ կը հակասենք, մենք կամ պիտի կեդրոնանանք Հայաստանը զարգացնելու կամ գաղութ պահելու գործին վրայ: Ի դէպ Հայաստանի մէջ գաղութ բառը բանտ կը նշանակէ, մենք բանտ գացած ենք եւ կը փորձենք բանտը պահել եւ ոչ թէ հայրենիքը, իմ ցաւս է, որ մենք չենք կեդրոնացած այդ կէտին շուրջ, մենք մոռցած ենք Հայաստանը եւ գաղութ պահելու մասին կը մտածենք,  հակառակ անոր, որ եթէ մեր ջանքերը հոս կեդրոնացնենք կրնանք շատ հեշտ կերպով մեր երկիրը ծաղկեցնել»,-ըսաւ ան:  Օհաննէսեան, որ Գերմանիոյ միջազգային կազմակերպութեան եւ «Հալէպ բարեսիրական միութեան» միջեւ եղած համագործղակցութեամբ իրականցուող ծրագրի մը դասախօսներէն մին է, պատմելով իր կատարած աշխատանքին մասին ըսաւ. «Հիմնական նպատակը այն է, որ բոլոր սուրիահայերը, որ Հայաստան հաստատուած են, պէտք եղած չափով տեղեկացուած չեն, Հայաստանի ֆինանսական համակարգին մասին, թէ որքանով կը տարբերի սուրիական համակարգէն, անոր համար խնդիրներ կ'առաջանան, անոնք տեղեկացուած չեն հիմնական եղած տարբերութիւններու մասին եւ նոյնիսկ բառերուն մասին: Սուրիոյ մէջ թերեւս արաբերէն տարբերակները կ'օգտագործէին, Հայաստանի մէջ՝ կամ ալ հայերէն կամ ռուսերէն բառեր, ու այդ առումով մենք բացատրութիւններ կու տանք»: Ան նաեւ յայտնեց, որ շատ մը պարագաներու Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը պայմանագրեր կը կնքեն, առանց գիտնալու կամ հասկնալու հոն տեղ գտած մանրամասնութիւնները: Մենք այսօր պիտի խօսինք այն մասին, թէ ինչպէ՞ս կը գործէ Հայաստանի ֆինանսական համակարգը, ի՞նչ կառոյցներ կան, որո՞նց պէտք է դիմենք, երբ խնդիր յառաջանայ, ինչ տարբերութիւն կայ սուրիական դրամատուներու եւ հայաստանեան դրամատուներու միջեւ, տոկոսները ինչպէ՞ս կը հաշուարկուին եւ մասնաւորապէս կը փորձենք բացատրել տնտեսական ու ֆինանսական մարզերուն մէջ առկայ ռիսքերուն կամ վտանգներուն մասին»:

Անդրադառնալով կարգ մը սուրիահայերու՝ Հայաստանի մէջ դիմագրաւած լեզուական դժուարութիւններուն,     ան ըսաւ. «Ես նոյնպէս կը փորձեմ արաբերէն բառերով ալ իրենց գիտելիքը բացատրել, հասցընել, այնպէս որ որեւէ մէկը եթէ առնչուի որեւէ խնդրի հետ, ես կրնամ բացատրել, բայց հիմնական նպատակը ինթեկրումն է (համարկում) է: Հայաստանի հետ համարկման ծրագիր է այս ծրագիրը, այնպէս որ ես ամբողջ ծրագիրը չեմ կրնար արաբերէն լեզուով ներկայացնել, ես ունեցած եմ արաբախօս մասնակիցներ եւ փորձած եմ կարելի եղածին չափով թարգմանել արաբերէնի, բայց ծրագիրը հիմնականին մէջ ձեւադրուած է գերմանական դրամատուներու հիմնադրամին կողմէ եւ նախապայման է, որ ծրագիրը ներկայացուի արեւելահայերէնով: Ու շատ յաճախ հեշտացնելու համար դասընթացքը, ես ստիպուած կ'ըլլամ օգտագործել ՝ արեւմտահայերէնը եւ նոյնիսկ ՝ արաբերէնը»:

Օհաննէսեան, որ «Հալէպ բարեսիրական միութեան» ճիգերով անվճար դասընթաց մը կը վարէ,     եզրակացուց, թէ իրենք ընդհանուր ծանօթացում մը կ'ընեն եւ կը փորձեն 2-3 ժամուան մէջ Հայաստանի ելեւմտական համակարգին մասին հակիրճ եւ ամփոփիչ բացատրութիւններ տալ: