Երեւանի քաղաքապետարանի մուտքը գիշերուընէ փակ էր։ Խումբ մը քաղաքացիներ գիշերը փակած էին քաղաքապետարանի կեդրոնական մուտքը եւ աշխատակիցներուն արգիլած էին էին մուտք գործել շէնք եւ ներկայանալ աշխատանքի։
Ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքապետարանի մօտ բերած էր գիշերը հրապարակուած տեսանիւթը, որ կը պարունակէր հետաքննական նիւթ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ունեցուածքի առնչութեամբ: Հետաքննութիւնը նախաձեռնուած էր ՀՀ վարչապետի՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի գիծով օգնական Արէն Մկրտչեանի ջանքերով եւ իրականցուած FACT TV-ի (First AntiCorruption TV, առաջին հակակոռուպցիոն ալիք) կողմէն:
«Տեղի են ունեցել յանցագործութիւններ, որոնք պէտք է բացայայտուեն ու մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուեն։ Այս պահին չենք պահանջում Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը, պարզապէս մուտքը փակելով՝ խթանում ենք յանցագործութեան բացայայտմանը»,- նշած է բողոքի ցոյցի կազմակերպիչ Միքայէլ Նազարեանը։
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները կ'ուզեն մուտք գործել Երեւանի պատմութեան թանգարան, սակայն դուռը փակ է՝ հակառակ որ աշխատանքային ժամն արդէն սկսած է: Անոնց առջեւ դռները կը մնան փակ: