Թիֆլիսի մէջ ԼԳԲՏ համայնքին դէմ արտայայտուող քաղաքացիները հաւաքուած են խորհրդարանի շէնքի մօտ, շէնքի վրայէն վար առած են Եւրոմիութեան դրօշն ու այրած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռուսթաւի 2» հեռուստաալիքը:
Խորհրդարանի շէնքի մօտ հաւաքուածներու խաղաղ հաւաքը աւարտած է, ոստիկանները աստիճանաբար անոնց դուրս բերած են տարածքէն: Ետքը, հրապարակը զբաղցուցած են անոնց հակառակորդները, որոնք առաջին հերթին վար առած են Եւրոմիութեան դրօշն ու այրած այն:
Թիֆլիսի մէջ 1 Յուլիսին մեկնարկած է «Արժանապատուութեան շաբաթը», որու ընթացքին ԼԳԲՏ ներկայացուցիչները շարք մը միջոցառումներ իրականացուցած են: Երկուշաբթի կը նախատեսուէր նաեւ «Արժանապատուութեան երթ» կայացնել, սակայն այն չեղարկուած էր Վրաստանի մէջ բարձրացած բողոքի ալիքի պատճառով:
Նշենք, որ երկուշաբթի օր կայացած՝ ԼԳԲՏ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան երթին դէմ արտայայտուողներու կազմակերպած բողոքի ցոյցի ժամանակ տուժած է ԶԼՄ-ներու 53 ներկայացուցիչ: