Երէկ՝ Անկախութեան տօնին, «Զուարթնոց» տաճարին մէջ, տեղի ունեցած է «Մեր ժամանակներու հերոսը» մրցանակաբաշխութիւնը, որ համանուն հաղորդաշարի պաշտօնական ամփոփումն է:
Այսպիսով յատուկ մրցանակ յանձնուեցաւ բոլոր 20 բժշկական հիմնարկներու բուժաշխատողներուն՝ համավարակի ընթացքին անձնուէր աշխատանքի համար։ Մրցանակը յանձնեց «Քորոնա» ժահրը յաղթահարած Պետրոս Պետրոսեանը՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի «COVID-19» բաժնի ղեկավար Սարգիս Ղազարեանին, որ բոլոր բժիշկներու անունով շնորհակալութիւն յայտնած է իրենց աշխատանքը բարձր գնահատելու, ինչպէս նաեւ Կառավարութեան՝ «Քորոնա» ժահրի բարդ ժամանակահատուածին աջակցելու համար:
Մրցանակի արժանացան սուրիահայեր Եոլանտ եւ Ռաֆֆի Ռշտունիները, որոնք կը զբաղուին քաղցրաւէնիքի արտադրութեամբ:
«Մեր ժամանակի հերոսը» մրցանակը սուրիահայ ընտանիքին փոխանցեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:
«Մեր ժամանակի հերոսը» մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ խաղալիքներու արտադրութեամբ զբաղող «Markos toys» ընկերութեան հիմնադիր Սեւակ Մարկոսեանը, որուն մրցանակը յանձնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Նախորդ տարուայ մրցանակակիր Ռիթա Մարտիրոսեանը գլխաւոր մրցանակը յանձնեց Արմինէ Աղաջանեանին, որ կը ներկայացնէր Մոշ սթուտիոն։
Յաջորդ մրցանակը յանձնեց ՀՀ Արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վահագն Հայրապետեանը՝ անասնաբոյժ Սուրէն Վարդանեանին:
Յաջորդ մրցանակը յանձնեց Լիւդվիկ Միքայէլեանը՝ զարդագործներ Անի Սարգսեանին եւ Նարինէ Եղոյեանին:
Մրցանակ յանձնեց Դաւիթ Երեմեանը՝ luisa food Ընկերութեան հիմնադիր- ղեկավար Լուսինէ Բարսեղեանին։
Յաջորդ մրցանակը յանձնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Արիստակեսեանը՝ Տիգրան Բաղինջանեանին:
Յաջորդ մրցանակը յանձնեց Մարի լու Փափազեանը՝ Արթուր Խոջաբաղլեանին:
ԱԺ նախկին պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանը յատուկ մրցանակ յանձնեց ակնոցագործ Բաբկէն եւ Դաւիթ Խաչատրեաններուն։
ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը մրցանակ յանձնեց գիւղատնտես, խխունջագործ Վահէ Հախվերտեանին, իսկ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը՝ մրցանակ յանձնեց մեղուաբոյծ Կարլէն Ճաղարեանին: