image

Բակօ Սահակեան պիտի չմասնակցի 2020ին կայանալիք Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն

Բակօ Սահակեան պիտի չմասնակցի  2020ին կայանալիք Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2020ին կայանալիք Արցախի նախագահի համաժողովրդական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ: Բակօ Սահակեան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

«Ինչպէս գիտէք, 2017 թուականին մեր ժողովուրդը հանրաքուէի միջոցով ընդունեց նոր Սահմանադրութիւն, որով նախատեսուած է անցումային փուլ՝ երեք տարի ժամկէտով: Այդ ժամանակը նախատեսուած է նաեւ օրէնսդրական դաշտը նոր Սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու համար: 2020 թուականին, գործող Սահմանադրութեան համաձայն, տեղի կ՛ունենան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի համաժողովրդական ընտրութիւններ: Ուզում եմ պաշտօնապէս յայտարարել, որ ես՝ որպէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու չեմ մասնակցելու այդ ընտրութիւններին: Իմ մասնակցութիւնը կը լինի միայն որպէս Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի, ով ընտրում է նոր նախագահ», յայտնեց Բակօ Սահակեան՝ աւելցնելով, որ պահու թելադրանքով ընդունած չէ այս որոշումը, այլ գիտակցուած որոշում է, որ կը բխի իր արժեհամակարգէն, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ երկիր կառուցելու հրամայականէն:

«Եւ քանի որ տեղի են ունենալու նախագահի եւ Ազգային ժողովի համաժամանակեայ ընտրութիւններ, ես՝ որպէս գործող նախագահ, օրէնքով սահմանուած իմ լիազօրութիւնների շրջանակում ձեռնարկելու եմ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի ե՛ւ նախագահի, ե՛ւ խորհրդարանական ընտրութիւններն անցնեն ազատ, արդար ու թափանցիկ», յայտարարեց Արցախի նախագահը: