ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը երէկ հանդիպած է ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ձերբակալուած պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանին, Սասուն Միքայէլեանին եւ Արարատ Միրզոյեանին հետ եւ լիայոյս է, որ իր խնդրանքն ինչ-որ արժէք կ'ունենայ գործընկերներուն համար:
«Արա Բաբլոյեանն այս գիշեր հանդիպել եւ զրուցել է ձերբակալուած պատգամաւորներ Սասուն Միքայելեանի, Արարատ Միրզոյեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ ԱԺ նախագահն իր գործընկերներին այցելել է, նախեւառաջ, որպէս բժիշկ, որպէս պապիկ, որպէս սրտացաւ ընկեր։ Արա Բաբլոյեանը լիայոյս է, որ իր խնդրանքն ինչ-որ բան կ'արժենայ իր գործընկերոջ համար», « Tert.am»ի հետ զրոյցի ժամանակ ԱԺ նախագահի խօսքերը փոխանցած է ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Արսէն Բաբայեանը:
Յիշեցնենք, որ Արսէն Բաբայեանը երէկ իր ֆէյսպուքեան էջին գրած էր.«Արա Բաբլոյեանը նպատակ ունի խնդրել ու յորդորել իր գործընկերներին, որպէսզի տեղի ունենան իրական բանակցութիւններ` իրական բանակցային օրակարգով, բանակցութիւններ վարելու բնականոն միջավայրում»: